ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Նախագահ Ասատին զօրակցող բազմամարդ ցոյց

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ ընդունեց սուրիական կառավարութեան հրաժարականը, մինչ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ նախագահին զօրակցող ցոյց մը կատարեցին` սպասելով երէկ նախատեսուած իր ճառին, սակայն հետագային յայտարարուեցաւ, որ նախագահ Պաշշար Ասատ իր ճառը պիտի արտասանէ այսօր` խորհրդարանին մէջ:

Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ նախագահ Ասատ ընդունած է կառավարութեան հրաժարականը` աւելցնելով, որ վարչապետ Նաժի Օթարի պիտի շարունակէ իր պաշտօնը վարել, մինչեւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը:

Սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը ցոյց տուաւ Դամասկոսի, Հալէպի, Համայի եւ Հասաքէի մէջ տեղի ունեցած բազմամարդ ցոյցեր, որոնց ընթացքին բարձրացուած պաստառներէն մէկուն վրայ գրուած էր. «Արագ լրահոս` դաւը ձախողած է»:

 

Share this Article
CATEGORIES