ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՅ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Ժամանակակից աշխարհի մէջ Թուրքիոյ նախաձեռնողական քաղաքականութիւնը» նիւթով միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ մօտ օրէն Թուրքիան Ֆրանսայի մէջ դեսպան պիտի նշանակէ թրքահայ գիտնական մը:
Ան ըսած է, որ հայազգի գիտնականին թեկնածութիւնը արդէն ներկայացուած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին, որոնք դէմ չեն: Նախարարը չէ մանրամասնած թէ ո՛վ է իրենց ապագայ դեսպանը:
Հայրենի «Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, որ նոյնպէս մասնակցած է վերոնշեալ խորհրդաժողովին, լաւատեղեակ շրջանակներէ պարզած է, որ խօսքը տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուի մասին է: Պոլսահայ ուսուցիչներու զաւակ Աճեմօղլու ամերիկեան «Էմ.Այ.Թի.» համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքին վարիչն է, կը ղեկավարէ մասնագիտական խումբ մը, որուն հետազօտութիւններուն արդիւնքը առնուազն երկու անգամ ներկայացուած է նոպելեան մրցանակի: