ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՇՐՋԵՆ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔԸ

Լոնտոնի խորհրդաժողովին մասնակիցները

Մուամմար Քազզաֆիի աւելի լաւ զինուած եւ կազմակերպուած ուժերը երէկ շրջեցին ըմբոստներուն դէպի արեւմուտք յառաջխաղացքը, մինչ մեծ պետութիւնները Լոնտոնի մէջ առանց Քազզաֆիի Լիպիոյ ապագան կը քննարկէին: Լիպիոյ շուրջ յաջորդ ժողովը պիտի հիւրընկալէ Քաթարը:

Միջազգային ուժերուն հինգ օր տեւեց քանդելու համար Աժտապիայի շուրջ դիրք բռնած Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերուն հրասայլերը, որմէ ետք ըմբոստները սկսան իրենց 300 քիլոմեթր երկօրեայ արշաւը դէպի արեւելք` հասնելով Քազզաֆիի ծննդավայր Սըրթէն 80 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Սակայն դէպի արեւմուտք արշաւող անոնց յառաջապահ ուժերը սկիզբը թակարդը ինկան, ապա շրջապատուեցան: Անոնց յառաջխաղացքը կասեցուեցաւ եւ Քազզաֆիի ուժերը վերատիրացան Սըրթէն 120 քիլոմեթր արեւելք գտնուող Նաուֆալիէ քաղաքին: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ըմբոստները մինչեւ Ռաս Լանուֆ նահանջած են:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, Լոնտոնի խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած իր բացման խօսքին ընթացքին Քազզաֆիի ուժերը ամբաստանեց «ոճրային յարձակումներ» կատարելու յանցանքով, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ զինուորական հարուածները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը դադրեցնեն բռնարարքները:

Խորհրդաժողովի աւարտին Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ եւ Քաթարի վարչապետ Համատ Պըն Ժասեմ Պըն Ժապըր Ալ Թանի միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տուին: Հէյկ յայտնեց, որ խորհրդաժողովի ընթացքին ըմբոստները զինելու հարցը չէ քննարկուած, եւ Քազզաֆիի վարչակարգին դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու կարելիութեան շուրջ համաձայնութիւն մը գոյութիւն ունի: Ան նշեց, որ Լոնտոնի խորհրդաժողովը Լիպիա ներխուժելու մասին չի խօսիր, «սակայն հարկ է կացութեան գնահատական մը տալ, որովհետեւ չենք կրնար արտօնել, որ մարդիկ աւելի տառապին, եւ անհրաժեշտ է արեան հեղումը կասեցնել»:

Քաթարի վարչապետը իր կարգին յայտնեց, որ «Լիպիական տագնապին միակ լուծումը Քազզաֆիի հեռացումն է»: Ան շեշտեց, որ «պէտք է Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն ընտրանքները յարգել»:

Share this Article
CATEGORIES