80-ԱՄԵԱԿԴ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ, ՎԱՍՏԱԿԱՇԱ՛Տ ՆԱՀԱՊԵՏ

Արդեօք կարիքը կար հայ թատրոնի եւ շարժապատկերի եզակի վարպետ Սօս Սարգսեանի ծննդեան 80-ամեակը նշող թատերական ներկայացումներու շաբաթին, որպէսզի անդրադառնայինք, որ Աստուած ինչպիսի հրաշալի արմաղանով մը պարգեւատրած է մեզ: Մի՞թէ անհրաժեշտ էին թատրոնի համաշխարհային օրուան առիթով կազմակերպուած եռուն հանդիսութիւնները, որպէսզի լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս ամենայն հպարտութեամբ գիտակցէր, որ  շնորհիւ Պետրոս Ադամեաններու եւ Յովհաննէս Զարիֆեաններու, Մարտիրոս Մնակեաններու եւ Հրաչեայ Աբելեաններու, Արուսեակ-Աղաւնի Վալիտէեաններու եւ Սիրանոյշ Ոսկանեաններու, Վահրամ Փափազեաններու եւ Հրաչեայ Ներսիսեաններու եւ Վարդան Աճէմեաններու թատերական հայատրոփ աւանդներու պահնորդ Սօս Սարգսեան տաղանդաւոր արուեստագէտին եւ նոյնքան լիիրաւ հայուն անմնացորդ նուիրումին, հաւատքին ու արձանագրած յաղթանակներուն` ինչպիսի հրա՛շք թատրոնի մը տէրն է: Թատրոնի մը, որ ոգի եւ մարմին առաւ «Համազգային»ի եւ Սօս Սարգսեանի միացեալ եւ, այսօր, խտացնելով շարքերը հայրենի թատրոնին` իբրեւ մէկ ու միաձոյլ ամբողջութիւն հաւասարէ-հաւասար մեջլիս նստած է համաշխարհային թատերարուեստի օրրաններուն հետ եւ կը շարունակէ իր ուժերը չափել` աշխարհի մեծագոյն բեմադրիչներուն եւ է՛ն հռչակաւոր դերասաններու բեմական նուաճումներուն հետ: Ըսէ՛ք, խնդրեմ, պէ՞տք էր սպասէինք թատերական այս գարնանաբոյր տեղատարափին, որպէսզի ցնծայինք ի խորոց սրտի, որ հացի, լոյսի եւ օդի չափ որքա՜ն անհրաժեշտ, բացառիկ եւ անփոխարինելի է Սօս Սարգսեանի պայծառ կերպարին մէջ խտացած այս շաբաթը, պահը եւ նոյնիսկ ակնթարթը: Վերջապէս, ինչո՞ւ սպասէինք այս առիթին, որպէսզի յայտնագործէինք անհաւատալի գիւտ մը կատարած մանուկի մը հրճուանքով, որ հսկաները արժանի են սպասումի, ծով կարօտի եւ հանդիպումը փոթորկող անբացատրելի հրճուանքի:

Սօսեաց անտառի քրմապետ ծառերուն պէս կեանք մը ամբողջ բարձրահասակ կանգնած, իրենց արմատները հայրենի հողին խորագոյն գանձարաններն ի վար երկարած, ամպերու եւ ձիւնածածկ կատարներուն հետ տիւ ու գիշեր հոգեմտաւոր երկխօսութիւն ծաւալած իրաւ իրաւները արժանի է, պէ՛տք է դիմաւորել իրենց սրտին համապատասխան մեծ սրտով, նոյնքան մեծ հոգիով եւ ա՛լ աւելի մեծ մտքով` մեր ալեխռով ժամանակն ու հայկական սեւ ու ճերմակ իրականութիւնը կշռելու համար ամբողջական գեղեցկութեան նժարով, որովհետեւ գեղեցիկ մտայղացումը, գեղեցիկ խօսքը եւ գեղեցիկին արարումը միայն կրնան աշխարհն ու մարդկութիւնը փրկել:

Սօս Սարգսեան անուն ի վերուստ պարգեւեալ արուեստագէտին, զտարիւն ու կատարեալ հայուն եւ բառին ամբողջական առումով «իսկակա՛ն որձ» մարդուն պէս: Յար եւ նման հայ արեւապաշտ, ժրաջան ու խոնարհ հողամշակի մը օրհնեալ յարկին տակ ծնած այս համբուրելի նուիրեալին, որ աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր մշակեց եւ կը շարունակէ՛ մշակել հայ հոգիի ու տաղանդի, հանճարի եւ մշակոյթի անսահման անդաստանները: Բանիւ եւ գործով, հաւատքով եւ իր հեթանոս արեան ստեղծագործ հրդեհներով` իբրեւ հայապաշտ հաւատամք եւ հայրենանուէր ուխտ ու կոչում: Բայց մա՛նաւանդ որպէս տարօրէն հայկական եւ էապէս համամարդկային քաղաքակրթական անկրկնելի երեւոյթ եւ ծառայական ռեզոն տ՛էթր:

Շատ է գրուած Հայաստանն ու Հայութիւնը իր արեան մէն մի կաթիլին մէջ խտացուցած յամառօրէն սիրելի այս եզակի արուեստագէտին, հայուն եւ մարդուն մասին: Պիտի գրուի տակաւին, ա՛նկասկած, յատկապէս մասնագէտ գրիչներու, թատերագէտներու եւ տիւ ու գիշեր իր մտերմութիւնը բաժնած բախտաւոր վկայաբերներու կողմէ: Սօս Սարգսեան ամբողջութիւնը լուսարձակի տակ անշարժացնող կենդանի վկայութիւններ չեն պակսիր մեզի: Բայց թերի պիտի մնար նոյնիսկ ամենաբարեխիղճ փորձը, որովհետեւ զանոնք կարելի չէ սեղմել օրաթերթի նեղ սիւնակի մը մէջ: Իսկ թերութիւնը, անկասկած, ճշմարտութեան խեղաթիւրում եւ մեղանչում կը նշանակէ:

Մնաց որ, էականը, այս պարագային, իր բացակայ ներկայութիւնն է: Կամքէ անկախ պատճառներով մեր սիրելի յոբելեարին պարտադրուած շօշափելի բացակայութիւն մը, որ, կը հաւատանք, ի հեճուկս առողջական արգելքին` հոգեկա՛ն ներկայութիւն է առաջին հերթին եւ անհուն կարօտ ու հեռուէ-հեռու ցնծութիւն անսահման` մեզի պարգեւուած այս թատերական փառատօնին համար: Կարօտ ու շնորհակալութիւն, գնահատանք ու մեծարանք, որ պիտի արտայայտենք մեր յոտնկայս ծափողջոյններով ու օդային համբոյրներով, որոնք, գարնանային այս լուսազուարթ օրերուն, մեզ պիտի փոխադրեն հայ թատրոնի, աւելի ճիշդ` մեր էութեան եւ ոգիի դիմացի երջանիկ ափը` Սօս Սարգսեանի եւ մեր բոլորին հրաշալի աշխարհը:

Ծննդեան 80-ամեակդ շնորհաւոր, Հայաստանի խորախորհուրդ արեւի եւ արեւաջերմ հողի, հոգեկերտ թատրոնի եւ առնական բանարուեստի, մեր արեան ու էութեան, ոգիի ու հաւատքի ով վաստակաշատ Նահապետ եւ աւետաբեր ծիծեռնակ…

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES