««ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»Ը ՍՓԻՒՌՔԻ ԱՅՆ ՁԱՅՆՆ Է, ԶՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ ԵՒ Կ՛ՈՒԶԵՆ ՄՏԻԿ ԸՆԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՒՕ ԿԻՏԱՆԵԱՆ

1986-ի մարտին պաշտօնապէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բանաւոր քարոզչական օրկանը դարձած «Վանայ ձայն»ի 25-ամեակին առիթով` ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Աւօ Կիտանեանի հետ կատարուեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան լուսարձակի տակ առաւ այս առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկները` յատուկ կերպով անդրադառնալով ռատիոթոնին, անոր նպատակին եւ բնոյթին:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ «ռատիոթոնին հիմնական պատգամը կը կայանայ անոր մէջ, որ մենք շարունակած ենք 25 տարի գործել գաղութի մը մէջ, որուն պատմութիւնը 100 տարիէն աւելի է. ես կ՛ուզեմ անդրադառնալ 1904-էն ասդին Լիբանանի մէջ հայկական ներկայութեան, որուն 105-110 տարուան կեանքին մէջ 25 տարեկան «Վանայ ձայն»ը տեղ եւ դեր ունեցած է: Այս առիթով մենք ուզեցինք պարզ յոբելեան մը նշելէ ու մեր վաստակը լուսարձակի տակ առնելէ անդին երթալ եւ «Վանայ ձայն»ը դնել քննութեան մը դիմաց»:

«Վանայ ձայն»ը պիտի դրուի այնպիսի տեղ մը, որ 25 տարի ետք կարելի ըլլայ ըսել, որ անիկա լիբանանահայութեան հարազատ ձայնն է: Նախորդ տարուան ընթացքին մենք ստացանք լաւագոյն ձայնասփիւռի կայանի մրցանակ` իբրեւ սփիւռքահայութեան եւ լիբանանահայութեան հարազատ ձայնը: Ասոր համար, որպէսզի այս բոլորը միայն խօսքի սահմաններուն մէջ չմնան, պիտի փորձենք իրողապէս հաստատել, որ «Վանայ ձայն»ը լիբանանահայութեան հարազատ ձայնն է, անիկա իսկապէս սփիւռքի մէջ այն ձայնն է, զոր մարդիկ  կը փնտռեն եւ կ՛ուզեն մտիկ ընել: Չեմ ուզեր բաղդատուիլ ոեւէ մէկուն, այլ կ՛ուզեմ ըսել, որ մենք` «Վանայ ձայն»ը, 25 տարեկան երիտասարդը այլեւս, ի՞նչ ունի այս գաղութին մէջ: Մեր ծրագիրներուն մեկնակէտը ա՛յս է հիմնականին մէջ», ըսաւ Աւօ Կիտանեան:

Խօսելով այս առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն ամբողջութեան մասին` Աւօ Կիտանեան յայտնեց. «Նախատեսած ենք հետեւեալ քանի մը ձեռնարկները. 31 մարտին պիտի ունենանք «Վանայ ձայն»ին տրամադրուած ռատիոթոն, որ պիտի սկսի առաւօտեան 10:00¬ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: Ունինք ամառնային փառատօն մը, որուն պիտի մասնակցին լիբանանահայ երգիչներ, արուեստագէտներ եւ այլ երգիչներ: Ասիկա պիտի ըլլայ լիբանանահայութեան ուղղուած հրաւէր` միասնաբար նշելու «Վանայ ձայն»ի 25-ամեակը: Կը նախատեսուի այս փառատօնը կայացնել յունիս ամսուան աւարտին: Կայ ընդունելութիւն` ուղղուած լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու. ասիկա նաեւ առիթ պիտի ըլլայ մեր խօսքը ուղղելու` իբրեւ Լիբանանի մէջ գործող եւ լիբանանեան իրականութեան մէջ տեղ ու դեր ունեցող կայան: Փաստը մեր յարկին տակ հիւրընկալուած օտար ու տեղացի հիւրերն են, որոնց համար եւս խօսափող է կայանը, նաեւ արաբերէնով սփռուող լուրերն ու յայտագիրները: Ասիկա հաւանաբար տեղի ունենայ սեպտեմբերին: Դեկտեմբերին կ՛ունենանք եզրափակիչ ձեռնարկ մը, որ հաւանաբար դասական բնոյթ կրէ:

«Խօսելով մարտ 31¬ի ռատիոթոնին մասին`  ըսեմ, որ անոր հիմնական գաղափարը հետեւեալն է. շատերու վկայութեամբ «Վանայ ձայն»ը կրցած է դառնալ լիբանանահայութեան մօտաւորապէս իւրաքանչիւր տան ընկերը: Յատկապէս առօրեայ դրութեամբ տունը մնացողներուն համար մնայուն ընկեր է կայանը, իսկ բոլոր անոնք, որոնք տուներէն դուրս են, տեղափոխուելու պահուն եւս մեր ճամբու ընկերն է: Այսպիսով, «Վանայ ձայն»ը յաջողած է դառնալ այն աղբիւրը, ուրկէ լիբանանահայութիւնը իր առօրեայ լուրերուն կողքին գաղութի առօրեային իրազեկ կը դառնայ, հայաստանեան, արցախեան եւ համահայկական զարգացումներէն տեղեակ կրնայ ըլլալ` վստահելի աղբիւրէ մը: Մենք այսօր արդէն կրցած ենք հասնիլ Լիբանանէն դուրս, այսինքն` մեր համացանցի կայքէջին միջոցով մենք ունինք հետեւողներ: Վերջին վիճակագրական պատկերին համաձայն, 2011¬ի յունուարին մօտաւորապէս 45 հազար այցելութիւն ունեցած ենք` 6 հազար այցելուներու կողմէ, ինչ որ բաւական լաւ թիւ է: Մեզի միացողներ ունեցած ենք Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Սէուտական Արաբիայէն, Աւստրալիայէն, Շուէտէն, Սուրիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Հոլանտայէն,  Անգլիայէն, Յորդանանէն, Եգիպտոսէն, Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Քաթարէն, Յունաստանէն, Չինաստանէն, Իրաքէն, Լիպիայէն, Աւստրիայէն, Կիպրոսէն, Իրանէն, Արժանթինէն, Լաթվիայէն, Սուտանէն, Քոսթարիքայէն, Ճափոնէն, Ֆինլանտայէն, Սպանիայէն, Սերպիայէն, Փաքիստանէն, Մարոքէն, Հնդկաստանէն, Անկոլայէն, Օմանէն, Պահրէյնէն,  Եմէնէն, Պուլկարիայէն, Թունուզէն, Իրլանտայէն, Պաղեստինէն, Թայլանտէն, Ֆիլիփեան եւ Տոմինիքեան կղզիներէն, Վիեթնամէն, Թրինիտատ եւ Թոպաքոյէն, Քորէայէն, Պելճիքայէն, Ուքրանիայէն, Լիթուանիայէն, Թուրքիայէն եւ Սրիլանքայէն: Չեմ ուզեր ըսել, որ մենք միջազգային լրատուամիջոց ենք, բայց եթէ հոս 20-30 երկիր կայ, ուր մարդիկ առնուազն քանի մը առիթով մտած ու հետեւած են մեզի, ապա մենք յաջողած ենք հասնիլ ամէն տեղ: Միջին հաշուով այս այցելուները օրական 5-6 ժամ «Վանայ ձայն» կ՛ունկնդրեն: Այս վիճակագրութիւնը բաւական լաւ ապացոյց է, որ «Վանայ ձայն»ը թէ՛ լիբանանահայութեան եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան հարազատ ձայնն է:

«Մեր ռատիոթոնը կը ձգտի հետեւեալին. խորքին մէջ ռատիոթոնը դրամահաւաք կատարել է, այսինքն` նուիրատուութիւններ ստանալ եւ ըսել, որ օրուան աւարտին մենք կրցանք «Վանայ ձայն»ին համար այսքան գումար հաւաքել: Բայց խորքին մէջ իսկական նպատակը այս չէ. ըսեմ, որ «Վանայ ձայն» կրնար իր տարեկան ձեռնարկը որեւէ տեղ կատարել եւ հոն նուիրատուութիւններ հաւաքել ու կոկիկ գումար մը գոյացնել: Այս անգամուան նպատակը այն է, որ մենք իսկապէս փաստենք, որ «Վանայ ձայն»ը բոլորիս սրտին խօսող ձայնասփիւռի կայան է: Այսինքն` մեր փափաքը, իմ փափաքս առնուազն այն է, որ իսկապէս այս քննութեան աւարտին` 31 մարտի գիշերը յայտարարենք, որ քանի՛ հոգի հեռաձայնեց «Վանայ ձայն», ի՛նչ մաղթանքներ ըրին, կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ գումար առաջարկեցին: Նոյնիսկ եթէ 1000 կամ 5 հազար լիբանանեան ոսկի է նուիրատուութիւնը, հարց չէ, որովհետեւ ասոնց կողքին կան մեծ գումարները, այստեղ կայ մեր փորձը եւ մեր քննութիւնը, որպէսզի մենք մեզի ըսենք, թէ իսկապէս ո՛ւր ենք: Եթէ յաջողեցանք, իսկապէս 25 տարուան մէջ բան մը ըրած կ՛ըլլանք, եթէ ձախողեցանք, պէտք է մտածենք, որ 25 տարուան մէջ ինչո՞ւ չենք կրցած բան մը ընել եւ ինչո՞ւ պէտք է բան մը ընենք: Ես նաեւ պիտի դիմեմ Լիբանանէն դուրս գտնուող մեր ունկնդիրներուն, որպէսզի իրենք եւս յայտնեն իրենց տեսակէտները, թէ ո՛ւր են, ինչո՛ւ մտիկ կ՛ընեն, եւ եթէ ուզեն իրենց նուիրատուութիւններով մասնակցիլ` շատ բարի: Ուրեմն հիմնական նպատակը մենք մեզ քննութեան առջեւ դնել է. կը յուսանք, որ յաջողինք. եթէ յաջողեցանք, մեր բոլոր ըսածները ճիշդ կ՛ըլլան, իսկ եթէ ձախողեցանք, բաւական ընելիք կ՛ունենանք:

«Մենք 31 մարտը եւ ամսուան վերջին հինգշաբթին ընտրեցինք, որովհետեւ վերջին 14-15 ամիսներուն ընթացքին սովորութիւն դարձուցինք «Ձեռք երկարենք» յայտագիրով հանդէս գալ. լիբանանահայութիւնը այս յայտագիրով եկաւ ըսելու, թէ ինք «Վանայ ձայն»ին նկատմամբ վստահութիւն ունի եւ կարելի եղաւ 15 ընտանիքի կեանքն ու ճակատագիրը փոխել: Չեմ ըսեր, որ այդ 15 ընտանիքին եկած գումարներու գաղափարն է զիս խանդավառողը, բայց եթէ այնպէս է, որ «Վանայ ձայն»ը իր վայելած վստահութեամբ կը դիմէ իր ունկնդիրներուն, որոնք ընդառաջելով իր կոչին օգտակար կը դառնան այս մարդոց, նաեւ կայանը իր յայտագիրներով գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն արձագանգը կը դառնայ, ներկայ կ՛ըլլանք ամէնուրեք եւ լիբանանահայ բոլոր մասնիկներուն գործունէութեան կ՛անդրադառնանք, ուրեմն պահն է, որ լիբանանահայութիւնը ըսէ` «Վանայ ձա՛յն», դուն ճիշդ ընթացքի մէջ ես, վարձքդ կատար, կը գնատահենք, թէկուզ խօսքով: Այն բոլորը, որոնք իրենց աշխատանքի ժամանակ կը մտածեն, որ «Վանայ ձայն»ը դուռ մըն է հասնելու համայն լիբանանահայութեան, ուրեմն այսօր օրն է «Վանայ ձայն»ին կողքին կենալու, վարձքդ կատար ըսելու: Պէտք է գիտնանք, թէ այս բոլորէն ետք մեծ քայլով մը յառաջիկայ 25-ամեակին կրնանք նախաձեռնել` մեր տեսլականը աւելի յստակ ըլլայ, մեր մտահորիզոնը աւելի ընդարձակ ըլլայ եւ երթանք դէպի նոր 25-ամեակ, որովհետեւ եթէ այս օրը յաջողութեամբ պսակեցինք, գալիքը աւելի խանդավառութեամբ կ՛ընենք»:

Ա. Կիտանեան նաեւ նշեց. «Ռատիոթոնի օրը նաեւ պիտի ունենանք հիւրեր, «Վանայ ձայն»ի յարկին տակ աշխատած անձեր, որոնք իրենց կարծիքն ու տեսակէտը պիտի տան` ձեւով մը հաշուեյարդար կատարելու եւ տեսնելու, որ եթէ ճիշդ ուղիին վրայ ենք` շարունակենք, այլապէս մեզի ըսեն ո՛րն է ճիշդ ուղին եւ մենք հոնկէ ընթանանք»:

Իբրեւ եզրափակիչ խօսք «Վանայ ձայն»ի տնօրէնը յայտնեց, որ թէեւ ռատիոթոնը իբրեւ մեկնակէտ առնուած է, «որովհետեւ մենք զմեզ քննութեան առջեւ կ՛ուզենք դնել, սակայն նաեւ ըսեմ, որ «Վանայ ձայն»ը իր հիմնադրութենէն 25 տարի ետք եղած է կայան մը, որ մօտաւորապէս սփռումը աւելի լաւ է, ձայնի որակը աւելի լաւ է, կազմածները աւելի նոր են, բայց մենք նորութիւններուն քայլ պահելու, աւելի արդիական ձեւով շարունակելու համար, աւելի ընդարձակելու համար մեր սփռումը, կարիքը ունինք նաեւ այն նիւթական օժանդակութիւններուն, որոնք պիտի կատարուին: Այսինքն` ասիկա ինքնանպատակ բան չէ, ըսելու համար, թէ մենք քննութեան առջեւ ենք, կը յաջողինք եւ վերջ: Ռատիոթոնէն գոյացած գումարը մենք պիտի օգտագործենք բարելաւուած, արդիականացած եւ նուազ դժգոհութեամբ ներկայանալու մեր ունկնդիրներուն: Պէտք է ըսել, որ մենք ամէնէն համեստ կարելիութիւնները ունինք իբրեւ 25 տարուան լիբանանահայ գաղութին առաջին ձայնասփիւռի կայանը. ճիշդ է, որ շատ չնչին խանգարումի մը պատճառով 1-1,5 ժամուան համար կ՛ընդհատուի մեր սփռումը, որովհետեւ երկրորդ կազմածը չունինք առաջինին տեղը առնող: Այս է մեր խնդիրը, ոչ թէ չենք գիտեր ի՞նչ պէտք է ընենք, այլ կարելիութեան հարց է: Որպէսզի հասնինք այնտեղ, ուր այս խանգարումները պիտի ըլլան նուազագոյնը, մեր հասանելիութիւնը պիտի ըլլայ առաւելագոյնը, ծածկենք Լիբանանը, նաեւ հասնինք Սուրիա, կայ ծրագիր նաեւ Հայաստան հասնելու. մենք կարիքը ունինք մեր ժողովուրդի նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES