«ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹՆԵՐ»ՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ ՄԱԿԱԳՐԵՑ ԻՐ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Շահանդուխտ կը մակագրէ

Համազգայինի գրախանութին նախաձեռնած «Հայ գրականութեան շաբաթներ»ու նախաձեռնութիւնները երկրորդ շաբաթն ըլլալով կը շարունակուին: Երէկ` երեքշաբթի, 29 մարտին Համազգայինի գրախանութին մէջ իր վերջին հրատարակութիւնները մակագրեց գրող եւ բանաստեղծ Շահանդուխտ: Գիրքերուն մակագրութեան առիթէն օգտուելով` «Ազդակ» կարճ զրոյց մը ունեցաւ հեղինակին հետ:

Քաջալերելով Համազգայինի գրախանութին այս նախաձեռնութիւնը` Շահանդուխտ դիտել տուաւ, որ թէեւ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը փոխարինուած է համացանցով, սակայն գիրքն է աղբիւրը համացանցին, հետեւաբար` «հայ գրականութեան շաբաթներ»ու այս նախաձեռնութիւնը ճիգ մըն է բացայայտելու, որ գիրքը տակաւին պատնէշի վրայ է:

Խօսելով ընթերցասէրներու թիւին նահանջին մասին` Շահանդուխտ նշեց, որ միշտ փոքրամասնութիւնն է, որ առաջնորդած է մեծամասնութիւնը, ըլլայ այդ քաղաքական, արուեստի կամ ընկերային կեանքին մէջ: «Ով որ չի կարդար` ի՛նք կը վնասէ, բայց փոքրամասնութեան առաջնորդութիւնը ազդեցիկ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «այսօր Համազգայինի գրախանութը այցելեցին աշակերտներ, երաժիշտներ, ուսուցիչներ եւ առհասարակ բոլոր խաւերուն պատկանող ընթերցասէրներ»:

Հեղինակը անդրադարձաւ նաեւ տան մէջ գիրքերու ներկայութեան կարեւորութեան: Ան ընդգծեց, որ ծնողները պէտք է օրինակ դառնան իրենց զաւակներուն` տան մէջ գիրք ունենալով եւ կարդալով: «Մանաւանդ ազդեցիկ է այս երեւոյթը, երբ մայրն է գիրք կարդացողը», ըսաւ ան:

Ան շնորհաւորեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէնութիւնը` այսպիսի նախաձեռնութիւններ կազմակերպելուն համար: Ասիկա զարթուցիչ մըն է, մարտահրաւէր մը գիրքը արհամարհողին, որ գիրքը կայ եւ պիտի մնայ», եզրափակեց Շահանդուխտ:

Share this Article
CATEGORIES