«ՄԱՐԴԸ` ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԻՐՈՅ ՊՏՈՒՂԸ» ՆԻՒԹՈՎ ՊԱՏԳԱՄ ԵՒ ԶՐՈՅՑ

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան, երէկ` երեքշաբթի, 29 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, եղբայրակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պատգամ եւ զրոյց:

Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը եղբայրակցութեան անունով արտասանեց Արա Կարէեան, ապա ներկաները երգեցին երկու հոգեւոր երգ:

Օրուան պատգամախօսն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, որ ներկայացուց «Մարդը` Աստուծոյ սիրոյ պտուղը» նիւթը: Հայր սուրբը ըսաւ, որ Աստուած ամէն ինչ ինք ստեղծեց, իսկ մարդիկ ստեղծուեցան իր փառքին համար:

Ան շեշտեց, որ Աստուծոյ սէրը մարդոց նկատմամբ կ՛արտայայտուի Քրիստոսի մարդեղացումով, որ սիրոյ հիմնական արտայայտութիւնն է:

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան նշեց, որ մեղքը մարդու ազատ կամքի ծնունդն է: Ան ներկաներուն հարցումներուն պատասխանելով եւ Աւետարանէն մէջբերումներ կատարելով խօսեցաւ Աստուծոյ` առանց պայմանի ու խտրութեան տածած սիրոյ մասին:

Հանդիպումը փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով:

Share this Article
CATEGORIES