ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԵՐՐՈՐԴ ՄՐՑՈՒՄԸ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 30 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս (ներկայացուցչական) երրորդ մրցումը` Ռիատիի դաշտին վրայ:

Ինչպէս ծանօթ է, ցարդ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն իւրաքանչիւր խումբ արձանագրած է յաղթանակ մը: Առաջին մրցումին Ռիատի իր յաղթանակը արձանագրեց իր դաշտին վրայ, իսկ երկրորդին ՀՄԸՄ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի իրենց կատարած երկրորդ մրցումին նման տպաւորիչ յաղթանակ մը եւս արձանագրել այսօր, որպէսզի աւարտական հանգրուան հասնելու իրենց յոյսը չկորսնցնեն:

Share this Article
CATEGORIES