ԼՕԽ-Ի ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՏՈՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՊԱՊՈՅԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՔԻԹԻ, ԿՈԿՈՐԴԻ ԵՒ ԱԿԱՆՋԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍԻՆ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին ու «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Նայիրի», «Գայեանէ» եւ «Արցախ» մասնաճիւղերուն, երէկ` ուրբաթ, 27 յունուարի յետմիջօրէին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տոքթ. Կարպիս Պապոյեան դասախօսեց քիթի, կոկորդի եւ ականջի հիւանդութեանց մասին:
Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով Յասմիկ Մկրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու հակիրճ կերպով ծանօթացուց օրուան դասախօսը: Մկրեան այս առիթով կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկի հովանաւոր հաստատութեանց` ԱՖՀԻԼ-ին, Թրէյտ Փլասին, փուռ Իշխանեանին եւ ԼՕԽ-ի մէկ բարեկամին, ապա ան խօսքը փոխանցեց օրուան դասախօս տոքթ. Կարպիս Պապոյեանին:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ տոքթ. Պապոյեան խօսեցաւ քիթի, կոկորդի եւ ականջի հիւանդութեանց մասին: Նախքան իր նիւթին սկսիլը, ան անդրադարձաւ յաճախ կրկնուող երեւոյթի մը, ուր հիւանդը կամ անոր հարազատները կը փորձեն հիւանդութիւնը դարմանել` դրացիի մը կամ բարեկամի մը եւ կամ դեղագործին թելադրած դեղով: Նման պարագաներու գէթ տեղեակ պէտք է պահել բժիշկը եւ կամ հրաժարիլ նման սովորութենէ, որովհետեւ անոնք կրնան տեղեակ չըլլալ պարագայի հիւանդութեան մանրամասնութիւններէն եւ բուժելու փոխարէն կրնան աւելի ծանրացնել հիւանդին վիճակը: Խօսելով քիթի, կոկորդի եւ ականջի մասին` տոքթ. Պապոյեան նախ բացատրեց, թէ ականջը ունի երեք մասեր` արտաքին, միջին եւ ներքին ականջ` մանրամասնելով իւրաքանչիւրին ենթաբաժանումներն ու հիւանդութեանց պատճառները: Տոքթ. Պապոյեան թելադրեց խուսափիլ ականջի արտաքին մասը մաքրելու յատուկ ցպիկի («քոթոն թիժ») գործածութենէն` ականջի ներքին մասնիկներուն մէջ: Յատկապէս ականջի ներքին մասի բորբոքումի պարագային հիւանդը կրնայ տառապիլ գլխապտոյտէ, յոգնածութենէ, սիրտխառնուքէ, հետեւաբար` անհրաժեշտ կը նկատուի բժիշկին դիմելը: Ան խօսեցաւ նաեւ ականջի ներքին մասին մէջ գտնուող հեղուկին մասին, որ նախ կ՛ըլլայ դեղին, ապա հետզհետէ կը դառնայ սրճագոյն: «Այդ հեղուկին պարտականութիւնն է ականջը պաշտպանել փոշիէն, հովի հոսանքէն ու զանազան աղտոտութիւններէ», յստակացուց տոքթ. Պապոյեան:
Խօսելով քիթի մասին` ան յայտնեց, որ ժամական մէկ միլիոն մանրէ կը մտնէ մարդու բերնին մէջ, անհրաժեշտ նկատելով` քիթով շնչելը: Կրիփի պարագային բժիշկը թելադրեց յաճախ ջուր խմել: Ապա ան խօսեցաւ քիթի սովորական բայց յաճախ կրկնուող հիւանդութեանց, յատկապէս` կրիփին մասին, թուելով անոր պատճառները, ախտանշաններն ու դարմանումի սկզբնական կարեւոր քայլերը:
Անդրադառնալով կոկորդի հիմնական մասերուն` տոքթ. Պապոյեան խօսեցաւ կոկորդի ներքին բաժինի մասնիկներէն «թոնսիւլ»-ներուն մասին, յստակացնելով, որ անոնք մեր մարմինը պաշտպանող «զինուորներ»-ն են: Ան թուեց կոկորդի մասնիկներու, յատկապէս` «թոնսիւլ»-ներու բորբոքման ախտանշաններն ու պատճառները: Ապա ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» (Պէյթ Գոգոյի շրջան) մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Մանուէլեան փակուած յայտարարեց ձեռնարկը` շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ բժիշկին:
Աւարտին, այս դասախօսական շարքին յաջորդաբար երեք անգամ ներկայ գտնուած ԼՕԽ-ականներ ստացան ձրի արեան քննութեան ենթարկուելու յատուկ կտրօններ: Նմանապէս, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեանի առաջարկ-յիշեցումին ընդառաջելով` ԼՕԽ-ականներ սիրայօժար մասնակցեցան ոսկրածուծի տուչութեան արշաւին:
