«ԱԶԻՐԵԱՆ» ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ «ՄՌԱՒԻՑ ԴԷՊԻ ԱՐԱՔՍ» ՏԵՍԵՐԻԶԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին, երէկ` ուրբաթ, 27 յունուարին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքները ներկայացնող «Մռաւից դէպի Արաքս» տեսերիզի ցուցադրութիւնը:
Քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Մկօ Խտրլարեան, որ շեշտեց այսպիսի ձեռնարկներու յաճախակի կերպով կազմակերպման կարեւորութիւնը, մանաւանդ ժողովուրդը Արցախի վերաբնակեցման գծով լուսաբանելու առումով:
Բացման խօսքէն ետք կատարուեցաւ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Այնուհետեւ «Արցախ ֆոնտ»-ի անդամ Մասիս Ալեքսանտրեան զեկուցեց ֆոնտի աշխատանքին մասին` շեշտելով սփիւռքի եւ մանաւանդ լիբանանահայութեան կարեւոր դերակատարութիւնը Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներուն մէջ: Ան նաեւ խօսեցաւ ազատագրուած շրջաններուն եւ մանաւանդ Քաշաթաղի մէջ տարուած աշխատանքներուն մասին:

