ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆԸ
Երէկ` ուրբաթ, 27 յունուար 2012-ի առաւօտուն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջկրօնական բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մոհամետ Մոզաֆարի հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս միջկրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Դոկտ. Մոզաֆարին ներկայացնելէ ետք իր բաժանմունքին գործունէութիւնն ու առաջնահերթութիւնները, շեշտեց Միջին Արեւելքի ծիրին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան նոր աշխուժութիւն ու արեւելում տալու հրամայականը: Ան մեծապէս գնահատեց այս ուղղութեամբ վեհափառին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տարած աշխատանքները:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին ընդգծելով կարեւորութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է տեսական ոլորտէն անդին երթալ եւ շօշափել այնպիսի խնդիրներ, որոնք անմիջականօրէն կապ ունին ժողովուրդի առօրեայ կեանքին հետ եւ կ՛ամրապնդեն քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ յատուկ քննութեան նիւթ դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ շուրջ տասը տարիներ առաջ սկսած երկխօսութեան ներկայ հանգրուանն ու յառաջիկայի ծրագիրները: Որոշուեցաւ, որ երկխօսութեան յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ յառաջիկայ մայիսին` Թեհրանի մէջ:

