ԶԱՍՊԻՔԻՆ. «ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼՈՒ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ»
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ ռուսական կեցուածքները անփոփոխ կը մնան: Ան շեշտեց, որ Ռուսիա կը քաջալերէ Սուրիան իր ներքին հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու:
Զասպիքին ընդգծեց, որ Մոսկուա պատրաստ է հիւրընկալելու սուրիական վարչակարգին եւ Սուրիոյ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

