ՂՈՍԸՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱՆ ԵՒ ԶՕՐ. ՍԻԵՐԱՆ
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն ընկերակցեցաւ նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Փաուլօ Սիերա:
Հանդիպումին ընթացքին Ղոսըն դրուատեց զօր. Ասարթայի դերակատարութիւնը եւ ջանքերը` լիբանանեան բանակին հետ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու առումով:
ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻԻ ՄՕՏ
Եարզէի մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի իր կարգին ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի նախկին եւ նոր նշանակուած հրամանատարներ զօր. Ասարթան եւ զօր. Սիերան, որոնց հետ քննարկեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Զօր. Քահուաժի բարձր գնահատեց զօր. Ասարթայի ջանքերը` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց երկու հրամանատարներուն իրենց աշխատանքներուն մէջ:
ԱՍԱՐԹԱ. «ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԲՈԼՈՐ
ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ԶՕՐԱԿՑԻԼ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ»
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթայի ի պատիւ Մերժահիունի նահանգապետ Ուիսամ Հայեք կազմակերպեց մեծարանքի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին զօր. Ասարթա շեշտեց, որ իր ստանձնած առաքելութիւնը կրցած է յաջողութեամբ աւարտել` շնորհիւ ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ շրջանի բնակչութեան գործակցութեան:
Զօր. Ասարթա իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է բոլոր միջոցներով լիբանանեան բանակին զօրակցիլ, որովհետեւ ան միակ հաստատութիւնն է, որ կը գործէ ի խնդիր Լիբանանի միասնականութեան եւ շրջանին կայունութեան:
ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուած են եւ գործակցութիւնը հեզասահ է: Ան շեշտեց, որ առանց այդ գործակցութեան կարելի չէր ըլլար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը լաւ կերպով գործադրել:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՌԱՍ ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, Ռաս Նաքուրայի մէջ զօր. Ալպերթօ Ասարթա նախագահեց եռակողմանի զինուորական հանդիպումի մը` լիբանանցի եւ իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Փաուլօ Սիերա:
Զօր. Սիերա այսօր իր պաշտօնը կը ստանձնէ զօր. Ասարթայէն:
ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նկատել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին զօր. Ասարթա շեշտեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ խաղաղութեան պահպանման կարեւորութիւնը:


