ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԵՐԿՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՑ ԻՐԵՆՑ ԴԷՄ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուները, որոնց ներկայութեան հաստատեց, որ կարելի է իրենց ստանձնած նախարարութիւններուն մէջ գործել եւ զանոնք մաքրել, «սակայն ոմանք սկսած են ձեռք երկարել մեր նախարարութիւններուն, ինչ որ մերժելի է մեզի համար», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները իրաւունք ունին նեղանալու տիրող կացութենէն, սակայն անոնք, որոնք իբրեւ թէ կը զօրակցին անոնց, իրենք են, որ կը խոչընդոտեն ելեկտրականութեան հոսանքի վիճակը բարելաւելու նպատակով մշակուած ծրագիրին գործադրութիւնը:
Զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց ելեւմուտքի հարցերու ընդհանուր դատախազին ընթացքը` նկատել տալով, որ իրենք պահանջած են 2009-էն ի վեր հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան մէջ արձանագրուած ելեւմտական թղթածրարի մը քննարկումը, սակայն այդ թղթածրարը մինչեւ օրս տակաւին չէ բացուած:
«Մեզի համար ելեւմտական հարցերն ու թղթածրարները պետական նշանակումներէն աւելի առաջնահերթ են եւ հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ դատախազութիւնները իրենց պաշտօնները չեն ստանձներ: Հարց կու տանք նաեւ, թէ ինչո՞ւ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նշանակումը մնայուն կերպով կը խոչընդոտուի», ըսաւ ան:
Իր խօսքը ուղղելով երկրին գործադիր իշխանութեան նախագահին` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ օրէնսդրական իշխանութեան նախագահին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ յանձնախումբի նախագահ մը նախարարութեան մը օրէնքները կասեցնել:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանքի պատասխանատուներուն` որեւէ ատեն պատրաստ ըլլալու ցոյցի մասնակցութեան: Ան աւելցուց, որ բոլորը կը խանգարեն ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին գործադրութիւնը:

