«ԼԻԲԱՆԱՆ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ Է ԻՐԱՔԻ ՀԵՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԼԱՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց իրաքեան պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է Իրաքի հետ տնտեսական, առեւտրական եւ ճարտարարուեստական լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ լիբանանեան արտադրութեանց շուկայ ստեղծելու:
Նախարար Սապունճեան կոչ ուղղեց լիբանանցի գործարարներուն` գործակցելու իրաքցի իրենց գործընկերներուն հետ եւ լիբանանցի ու իրաքցի ժողովուրդներուն միջեւ գործակցութեան միացեալ ծրագիրներ մշակելու:
Նախարար Սապունճեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մքալլեսի առեւտրականներուն եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու համախմբումին հետ:
CATEGORIES Լիբանանեան


