ՄԻՔԱԹԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սթեֆան տի Միսթուրան եւ պաշտպանութեան նախարար Ճիան Փաուլօ տի Փաուլան` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի եւ վարչական բարձրաստիճան մէկ պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ու Իտալիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը:
Հանդիպումէն ետք տի Փաուլա շեշտեց, որ Իտալիա իր կարգին կը փափաքի օժանդակել շրջանին մէջ տիրող տագնապին լուծման:
Տի Փաուլա վարչապետին յանձնեց յուշանուէր մը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Փաուլօ Սիերան եւ նախկին հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան: Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասը, որուն հետ քննարկեց իր նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի, որ ներկայացուց Արիտայի մէջ արձանագրուած սահմանային միջադէպին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն ապահովութիւնը պահպանելու նպատակով որդեգրուած կարգ մը քայլերը:
Խուրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը տեղեակ պահուած է միջադէպին մասին բացուած հետաքննութեան վերաբերող բոլոր տեղեկութիւններուն մասին:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Օմար Պարազանժի, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:


