ՓԱՈՒԼԱ ԵՒ ՄԻՍԹՈՒՐԱ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլիի:
Կէսօրէ ետք Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ժան Փաուլօ տի Փաուլան եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սթեֆան տը Միսթուրան, որոնց ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, յատկապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնն ու անոնց նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Փաուլօ Սիերայի հետ գործակցութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Փաուլա շեշտեց, որ Իտալիա Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ իր զօրակցութիւնը կը պահպանէ, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ երկրին խաղաղութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան:
Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան եւ շրջանային կայունութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կարիքը ունին` աւելցնելով, որ
իրենք վաղը ներկայ պիտի գտնուին Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան յանձնումի եւ ստանձնումի յատուկ պաշտօնական արարողութեան:
Միւս կողմէ, Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իւրաքանչիւր նախարար պէտք է կատարէ իր պարտականութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ պետական նշանակումները շուտով կատարել:


