ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի համար կարեւոր է, որ զինք շրջապատող երկիրները ունենան ժողովրդավարական վարչակարգ, հեռու ըլլան համայնքային ծայրայեղութենէ, հաւատան բարեկարգումի եւ յարգեն մարդկային իրաւունքներն ու ազատութիւնները:
Նախագահական պալատին մէջ Սլէյման երէկ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, ինչպէս նաեւ Ժողովրդավարական միջազգային քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները` անոնց ուշադրութեան յանձնելով արաբական պետութիւններուն մէջ համախոհական հոսանքները քաջալերելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց ազգային երկխօսութեան երկիր նկատուող Լիբանանը եւ սահմանադրական ժողովրդավարութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է բարելաւել Լիբանանի ժողովրդավարական դերակատարութիւնը` գործադրելով առողջ ընտրական օրէնք մը եւ ապակեդրոնացեալ վարչական դրութեամբ գործելու կանոնները:
Պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Ժեմայէլ, որ շեշտեց նման պայմաններու մէջ Լիբանանի մէջ այս խորհրդաժողովը գումարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան, համերաշխութեան, կրօններու միջեւ երկխօսութեան եւ տարբեր քաղաքակրթութիւններու մերձեցումին կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Հունգարիոյ` վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-հունգարական յարաբերութիւններն ու առեւտրական համաձայնութիւններ գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Հունգարիոյ` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելուն համար, ինչպէս նաեւ Օրպանէն խնդրեց իր ողջոյններն ու Լիբանան այցելութեան հրաւէրը փոխանցել Հունգարիոյ նախագահին:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սթեֆան տի Միսթուրան եւ պաշտպանութեան նախարար Ճիան Փաուլօ տի Փաուլան:
Աւելի ուշ, նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու նախկին եւ նոր հրամանատարներ զօր. Ալպերթօ Ասարթան եւ զօր. Փաուլօ Սիերան:



