ԵԱՀԿ-Ի ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԹԵՐԵՒՍ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԴԱԴՐԵՑՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՔՆՆԱՐԿԷ

Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Փաթրիք Մըրֆի երկօրեայ այցելութեամբ Ազրպէյճան կը գտնուի: Ան Հայտար Ալիեւի անուան միջազգային օդակայանին մէջ լրագրողներուն ըսած է, որ ազրպէյճանական կողմին հետ կրնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ Ֆրանսայի գործունէութեան դադրեցման հարցը քննարկել:

«Ազրպէյճանական կողմին հետ մենք պիտի քննարկենք փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր, թերեւս քննարկուի նաեւ Մինսքի խմբակի կազմէն Ֆրանսայի դուրս գալուն հարցը», ըսած է Մըրֆի եւ աւելցուցած, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համապատասխան նախաձեռնութիւնը կը մտահոգէ ԵԱՀԿ-ը:

22 դեկտեմբեր 2011-ին Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու օրինագիծի որդեգրումէն ետք ազրպէյճանական եւ թրքական կողմերէն բազմաթիւ կարծիքներ արտայայտուած են, թէ Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ «չէզոք գործել» չի կրնար, ուստի պէտք է դադրեցնէ այդ խմբակի կազմին մէջ իր գործունէութիւնը:

Մըրֆի Պաքու կ՛այցելէ շրջանային այցելութեան մը ծիրին մէջ: Ան Պաքուի մէջ պիտի քննարկէ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի շրջան յառաջիկայ այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման կարելիութիւնները:

ԵԱՀԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչը յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Էյմոն Կիլմոր մօտիկ ապագային շրջան պիտի այցելէ:

Share this Article
CATEGORIES