«ԱՆԳԱՐԱ ՓԱՐԻԶԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՍԱՀՄԱՆԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ Չ՛ԱՃԱՊԱՐԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՊԱՃԱՆ
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան յայտարարեց, որ Անգարա Փարիզի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու հարցին մէջ չ՛աճապարեր:
«Թուրքիա Ֆրանսայի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ սահմանելու հարցին մէջ չ՛աճապարեր, որովհետեւ այդ երկրի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը տակաւին այդ հարցին առնչութեամբ Փարիզի վերջնական որոշումը չէ», ըսաւ Պապաճան` աւելցնելով, որ տնտեսական պատժամիջոցներ սահմանելու հարցին մէջ Թուրքիան սպասողական դիրքորոշում որդեգրած է:
Օրինագիծի որդեգրումէն առաջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ օրինագիծի որդեգրումը թուրք-ֆրանսական քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն համար շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Պապաճան ընդգծեց, որ Թուրքիա պիտի սպասէ վերոնշեալ օրինագիծին շուրջ զարգացումներուն, ապա համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկէ:
25 յունուարին յայտնի դարձաւ, որ օրինագիծին դէմ քուէարկած ծերակուտականները կը պատրաստուին ծերակոյտի որոշումը բողոքարկել Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանին մէջ եւ այդ մէկը կատարելու համար անհրաժեշտ ստորագրութիւններ կը հաւաքեն:
Օրէնքը ուժի մէջ մտնելու համար պէտք է 15 օրէն ստորագրուի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ:


