ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ` ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄՕՏ ԲՈՂՈՔԱՐԿԵԼՈՒ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԱՍԻՆ
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը իր ուրբաթ օրուան թիւով անդրադարձաւ Ֆրանսայի ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը Սահմանադրական դատարանին մօտ բողոքարկելու համար 60 խորհրդարանականներու ստորագրութիւններ հաւաքելու ջանքերուն: Օրաթերթը կը գրէ, որ առայժմ 55 ծերակուտականներ ստորագրած են դիմումը եւ անհրաժեշտութիւն կայ 5 այլ ստորագրութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ Սահմանադրական դատարան դիմել:
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը իր հինգշաբթի օրուան թիւին «60 ստորագրութեան համար 48 ժամեր» խորագիրով լրատուութեան մէջ հաղորդած էր, որ այդ նպատակին համար 35 երեսփոխաններու ստորագրութիւնը հաւաքուած է:
Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի, Սահմանադրական դատարան դիմելու համար 60 երեսփոխաններու կամ նոյն թիւով ծերակուտականներու ստորագրութեան կարիք կայ: Թրքական օրաթերթը նաեւ հաղորդած էր, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը կառավարութենէն պահանջած է օրինագիծի որդեգրումը վաւերացնելու չաճապարել, որովհետեւ անոր սահմանադրական ըլլալուն շուրջ «լուրջ կասկածներ» կան:
«Հիւրրիյէթ»-ի, անգլիատառ տարբերակի կայքէջը, վկայակոչելով իր դիւանագիտական աղբիւրները, կը յայտնէ, որ Սահմանադրական դատարանը ծերակուտականներուն մինչեւ երեքշաբթի օր պայմանաժամ ճշդած է անհրաժեշտ թիւով ստորագրութիւն հաւաքելով դատարանին դիմելու համար:
Ըստ դիւանագիտական աղբիւրին, օրինագիծը տակաւին ստորագրման համար նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի չէ ներկայացուած:
«Զաման» օրաթերթը իր կարգին կը գրէ, որ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու նամակ ուղարկած է օրինագիծին դէմ քուէարկած 86 ծերակուտականներուն եւ խնդրած, որ անոնք օրինագիծը Սահմանադրական դատարան ուղարկելու հոլովոյթին մէջ հետեւողական ըլլան:

