ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Նախանցեալ օր ուշ երեկոյեան «Երկիր»-ին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ կապուած որոշ մանրամասնութիւններ ճշդելու եւ պարզաբանումներ կատարելու համար հանդիպում տեղի ունեցաւ Հայաստանի համաձայնական կառավարութեան երեք ուժերու` Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան ղեկավարներուն միջեւ:
Ուշագրաւ է, որ այդ հանդիպման պատճառով յետաձգուած է Օրինաց երկիր կուսակցութեան նախանցեալ օրուան քաղաքական խորհուրդի նիստը, որ շատերուն համար վճռորոշ պիտի ըլլար: Հանրապետական կուսակցութիւնը կը ցանկայ յստակացնել ընտրութիւններուն ժամանակ Օրինաց երկիր կուսակցութեան հետ աշխատելու մեքանիզմը:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան միջեւ հարցը աւելի լուրջ է: Ըստ «Երկիր»-ին, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ոչ մէկ ձեւով կը համաձայնի այն տարբերակին եւ ձայներու այն քանակին հետ, որ կ՛առաջարկէ Հանրապետական կուսակցութիւնը:

