ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐ

Նախագահ Սարգսեան` պարգեւատրուած զինուորականներուն եւ ազատամարտիկներուն հետ

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով` Հայաստանի զինեալ ուժերու ստեղծման 20-րդ տարեդարձին առիթով բանակաշինութեան գործին մէջ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան եւ անձնուիրութեան համար, Հայաստանի զինեալ ուժերու խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրուած են Հայաստանի շքանշաններով եւ մետալներով, ինչպէս նաեւ շարք մը զինուորականներու կոչումներ շնորհուած են:

Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց պետական պարգեւներու եւ կոչումներու արժանացածները, անոնց մաղթեց առողջութիւն, բարի ծառայութիւն եւ Հայոց բանակի մարտունակութեան անշեղ բարձրացման ուժ եւ կորով:

 

Share this Article
CATEGORIES