ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ ապահովութեան խորհուրդի նիստ, որուն օրակարգին վրայ կը գտնուէին պարենային անվտանգութեան ապահովման հետ կապուած խնդիրներու ու իրականացուելիք ձեռնարկներու եւ 14-18 փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու եւ ուժային կառոյցներու միացեալ հրամանատարական ռազմափորձերու կայացման արդիւնքներու մասին հարցերը:

Վարչապետ Արա Յարութիւնեան զեկուցում մը ներկայացուց պարենային անվտանգութեան ապահովման շուրջ: Ելոյթներ ունեցան գիւղատնտեսութեան նախարար Արմօ Ծատուրեան, տնտեսական զարգացման նախարար Կարէն Եսայեան եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի տնօրէն Վահրամ Պաղտասարեան:

Հաշուի առնելով պարենային անվտանգութեան ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւնը Արցախի համար` Բակօ Սահակեան նշեց, որ հակառակ այդ ուղղութեամբ տարուող մեծ աշխատանքին, տակաւին կան էական խնդիրներ, որոնք կը պահանջեն շուտափոյթ եւ ամբողջական լուծում:

Նախագահը կառավարութեան յանձնարարեց մշակել պարենային ապահովման ուղղութեամբ իրականացուելիք նախաձեռնութիւններու ծրագիր եւ պարբերաբար զեկուցել անոր իրականացման ընթացքին մասին:

Օրակարգի երկրորդ հարցին շուրջ զեկուցում մը ներկայացուց պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան: Ելոյթներ ունեցան նաեւ ուժային կառոյցներու ղեկավարները:

Բակօ Սահակեան կառավարութեան եւ ռազմափորձերու կազմակերպման գործին մէջ ներգրաւուած համապատասխան մարմիններուն յանձնարարեց անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել յայտնաբերուած թերութիւնները վերացնելու ուղղութեամբ եւ պարբերաբար զեկուցել տարուող աշխատանքներուն մասին:

Share this Article
CATEGORIES