ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Միշլին Քալմի-Ռէյ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով վաղը Հայաստան պիտի այցելէ Զուիցերիոյ նախագահ Միշլին Քալմի-Ռէյ:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, այցելութեան ծիրին մէջ Զուիցերիոյ նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ, պիտի այցելէ Ս. Էջմիածին եւ հանդիպում պիտի ունենայ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ:

Նախագահ Միշլին Քալմի-Ռէյ պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան բացման արարողութեան:

Պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրը` 1 ապրիլին, Զուիցերիոյ նախագահը պիտի մեկնի Գիւմրի, ուր պիտի այցելէ «ՔԱԶԱ» զուիցերիական մարդասիրական հիմնադրամ:

Share this Article
CATEGORIES