«ՊԱՅՔ ՃԵՆԸՐԷՅՇԸՆ»Ի ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ
Հեծելարշաւի «Պայք Ճենըրէյշըն» ընկերութիւնը, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ (Քասլիք) յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով խօսեցաւ իր ապագայի ծրագիրներուն մասին:
Ներկաներուն կարգին էին` Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան, «Պայք Ճենըրէյշըն» ընկերութեան նախագահ Անթուան Պարաքէ եւ այլ անդամներ, Աթլեթիքօ ակումբի նախագահ Ռոպեր Փաուլի, մարզական լրագրողներ եւ հրաւիրեալներ:
Ներկաներուն ուղղած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք Ժորժ Պուէյզ, յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց մարզական լրագրողներուն, որոնց միջոցով իրենց գործունէութեան մասին տեղեակ կ՛ըլլայ ժողովուրդը:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին Անթուան Պարաքէ, ինչպէս նաեւ Զահեր Հաժ, Քարիմ Իտ եւ Փաուլի:
Անոնք բոլորն ալ խօսելով ընկերութեան ծրագիրներուն մասին խոստացան ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի հեծելարշաւի մրցումներուն մասնակցողներուն թիւը աճ արձանագրէ:
Ապա ցուցադրուեցան յատուկ արհեստավարժ հեծելանւորդներու կողմէ գործածուելիք հեծանիւներ, որոնց գինը կը տարուբերի 7-10 հազար ամերիկեան տոլարի միջեւ:


