ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԹԸՊՆԻՆ – ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ` 85-59
Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Թըպնին – ՀՄԸՄ Պէյրութ ճակատումը:
ՀՄԸՄ նախքան իր այս մրցումը կատարելը արձանագրած էր յաջորդական 11 յաղթանակ:
Երթին 68-65 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած իրենց նոյն այս մրցակիցին դէմ ՀՄԸՄ-ի տղաքը այս ճակատումին պարտուեցան 85-59 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 15-15, 22-13, 18-19 եւ 30-18:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտ նշանակեց Սեւակ Քեթենճեան (22 կէտ):
Նշենք սակայն, որ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով դաշտին պարզած վիճակը արգելք հանդիսացաւ, որ մրցումը լաւ ընթանայ:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Քաունթրի Լոճ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 3 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ:


