50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)
ՏՈՄՍԵՐ
ԱՐԱԲԻՈՅ ԼՈՐԵՆՍԸ
ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ
Բարեկամական շրջանակի մը մէջ կը խօսուէր հայերէնի ուսուցման մասին, երբ նշմարուեցաւ, որ խօսակցութիւնը հետզհետէ փոխադրուած է… Արաբիոյ Լորենսին շուրջ, այն խորհրդաւոր անգլիացի գնդապետին, որ Ա. մեծ պատերազմի ընթացքին յաջողած էր արաբները ազատագրել թուրքերէն:
Խօսակիցներէն մէկը յիշած էր անապատի աւազներուն վրայ իր զաւկին հայերէն սորվեցնող մօր պարագան, եւ ուրիշ մը խօսք բացած էր Արաբիոյ անապատներուն վրայ գործած Լորենսին մասին` ըսելով.
– Վերջերս, ամերիկեան թերթերու մէջ բազմաթիւ յօդուածներ կան այդ հռչակաւոր գործակալ Լորենսի մասին, որ Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկիրներուն ազատագրութիւնը ապահովեց` արաբները արդարօրէն հանելով թուրք բռնակալներուն դէմ:
Սակայն ո՞վ էր Լորենս, ինչ նկարագիր եւ կարողութիւն ունէր, եւ մանաւանդ ինչո՞ւ ցմահ մնաց շուքի մէջ` նախընտրելով անծանօթ մնալ, քան թէ փառաւորուիլ` հանրային մեծ դէմք դառնալով: Հակասական կարծիքներ կան իր մասին:
Ըստ Չըրչիլի` «Արաբիոյ Լորենս»-ը իր ժամանակի մեծագոյն մարդոցներէն մէկն էր: Ճորճ Պեռնար Շօ զայն նկատեր է մեծ գրագէտ մը` անոր «Իմաստութեան եօթը յենակները» գիրքին համար:
Ուրիշներ ալ, սակայն, ծանօթ հեղինակ եւ քաղաքագէտներ, Լորենսը նկատած են մեծ ստախօս մը, դերասան մը: Այդպէս կը կարծէ եղեր, մանաւանդ արաբ անուանի դիւանագէտ մը:
Խօսակից մը ըսաւ.
– Շատ հաւանաբար Լորենս թէ՛ մեծ մարդ էր եւ թէ՛ մեծ ստախօս մըն էր:
– Ինչպէ՞ս կը հաշտուին այս երկու մեծութիւնները:
– Անգլիոյ ծառայութեան մէջ ապահովաբար ան եղած է շատ օգտակար գործակալ մը: Իսկ իբրեւ արաբներու բարեկամ, ո՛վ գիտէ, ինչե՜ր խոստացած է եւ յետոյ չէ կատարած: Յիշեցէք հայոց պատմութիւնը, յոյսերը…
Ուրիշ ներկայ մը ըսաւ.
– Զարմանալի է, որ այսքան անուանի, ժամանակակից դէմքի մը մասին այնքան հակասական կարծիքներ կան, եւ չեն կրնար ուղիղ դատաստան մը կատարել: Ի՞նչ պիտի ըսեն հապա մեզի պէս հասարակ մահկանացուներու համար, երբ հեռանանք այս աշխարհէն:
Արթուն ներկայ մը ճշդեց.
– Հոգ մի՛ ըներ այդ մասին: Հայ ազգին դամբանախօսը քեզի եւ բոլորիս համար շատոնց պատրաստած է իր բանաձեւը: Հիմա լսէ, թէ ո՛վ ես դուն:- Մեծ գերդաստանի մը զաւակն ես: Ամուսնացած ես` կազմելով մեծ եւ երջանիկ ընտանիք մը: Ունեցած ես զաւակներ, որոնք…
– Կեցի՛ր բարեկամ, ես ամուսնացած իսկ չեմ:
– Է, այդ պարագային, հարցին բնոյթը կը փոխուի թէեւ, սակայն մեծութիւնդ անփոփոխ կը մնայ դամբանախօսի աչքին: Քեզի համար ալ լաւ խօսք մը կ՛ըսեն, եւ գոհ ու ուրախ տրամադրութեամբ կը մեկնիս այս աշխարհէն…
ԳԻՍԱՒՈՐ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՈՒՐԱՆՑ ԳԻՒՂԸ
ԵՒ ՄԱԼԽԱՍ
Ամերիկա գտնուող Ուրանց գիւղի հայրենակիցները «Հայրենիք»-ի միջոցով ցաւակցութիւն յայտնած են Մալխասի մահուան առթիւ եւ հետեւեալ յուզիչ տողերը գրած.
Մալխասը 1930-ին Տիթրոյիթի մէջ մեզի` Ուրանց գիւղացիներիս կտակ մը շինեց, որ երբ ինք մեռնի, իր մարմինը տանինք Վասպուրականի Ուրանց գիւղը եւ թաղենք Աստղաքարի քովը:
«Այսօր, ո՛չ Ուրանց, ո՛չ ալ Վասպուրական ունինք, եւ մենք, քեզի նման, օտար երկրների մէջ պիտի մեռնինք` առանց տեսնելու մեր սիրելի Վասպուրականը եւ մեր ծննդավայր` հերոսների գիւղը, երբեմնի Ուրանցը:
«Հանգի՜ստ շիրիմիդ եւ մխիթարութիւն` պարագաներիդ»:
ՎԼԱՏ ՊԸՆԸՑԻԱՆՈՒԻ ԳՈՐԾԸ`
ԱՆԳԼԵՐԷՆ
Անգլերէնի թարգմանուած լոյս տեսաւ ռումանացի ծանօթ հայագէտ Վլատ Պընըցիանուի մէկ յօդուածը` «Ուրարտական մասնիկները գրաբարի մէջ»: Հեղինակը անդրադառնալով հայերէնի եւ ուրարտերէնի կապերուն` ցոյց կու տայ ուրարտերէն մասնիկներուն մուտքը հայոց լեզուին մէջ:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
ԿԱՐՏԻՆԱԼ ՔՈՒՇԻՆԿԻ ՄՕՏ
Ամերիկահայ կիլիկեան թեմի առաջնորդ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, անցած չորեքշաբթի օր այցելած է կարտինալ Քուշինկի:
Սրբազան հօր ընկերացած են եկեղեցւոյ հովիւ Արսէն քհնյ. Սիմէոնեանց, Յ. Տէր Յովհաննէսեան եւ երեսփոխան Յակոբ Թէվէքէլեան: Այցելութիւնը տեւած է շուրջ 40 վայրկեան եւ անցած է շատ սիրալիր: Կարտինալը հետաքրքրուած է մասնաւորաբար հայ եկեղեցւոյ գործերով, որոնց մասին լուսաբանութիւններ տրուած են:

