ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ. ԿՈՒԱՆԹԱՆԱՄՈՅԻ ՄՂՁԱՒԱՆՋՍ

Լախտար Պումըտին 7 տարի առանց դատավարութեան բանտարկուած կը մնար Կուանթանամոյի մէջ

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 11-Ի ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԷՆ ԵՏՔ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏԽՐԱՀՌՉԱԿ ԱՐԳԵԼԱՐԱՆԸ ԴԱՐՁԱՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՈՏՆԱԿՈԽՈՒՄԻ ԱՄԷՆԷՆ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ՎԱՅՐԸ ԵՒ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼԷ ԱՒԵԼԻ` ԴԻՄԱԶԵՐԾԵՑ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՈՎ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԴԱՍԵՐ ՏՈՒՈՂ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԵՂԾԻՔԸ: ԱՆԱՐԴԱՐՕՐԷՆ ՀՈՆ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ ԼԱԽՏԱՐ ՊՈՒՄԸՏԻՆ ՅԱՋՈՂԱԾ ԷՐ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ՅԱՐՈՒՑԵԼ ԸՆԴԴԷՄ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊՈՒՇԻ ԵՒ ՇԱՀԱԾ ԷՐ ԶԱՅՆ: ԱՆ ԿՈՒԱՆԹԱՆԱՄՈՅԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԱՐԳԵԼԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ ԷՐ 2002-2009: ԿՈՒԱՆԹԱՆԱՄՈՅԻ ԲԱՆՏԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԵՑԱՒ 10 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ` ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ: ԱՅՍ ԱՌԻԹՈՎ ԱՆ «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԻՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՏԱԳՆԱՊԸ:

Յունուար 11-ին կը լրանայ Կուանթանամօ Պէյի մէջ  Ամերիկայի արգելավայրին հաստատումին 10-րդ տարին: Այս ժամանակամիջոցին` 7 տարի հոն բանտարկուած էի առանց բացատրութեան կամ ամբաստանութեան: Մինչ այդ` զաւակներս հասակ նետեցին առանց ինծի: Անոնք նորածին էին, երբ բանտարկուեցայ: Այնուհետեւ անոնք երբեք արտօնութիւն չէին ստացած այցելելու ինծի կամ` հետս խօսելու հեռաձայնով: Անոնց նամակները մեծ մասամբ վերադարձած էին` իբրեւ «անփոխանցելի»: Իսկ այն սակաւաթիւ նամակները, զորս ստացած էի, այնքան մանրակրկիտ եւ անմիտ կերպով գրաքննուած էին, որ անոնց սիրոյ եւ զօրակցութեան խօսքերը կորսուած էին:

Ամերիկացի կարգ մը քաղաքագէտներ կ՛ըսեն, թէ Կուանթանամոյի մէջ բանտարկուած անձերը ահաբեկիչներ են: Սակայն երբեք ահաբեկիչ չեմ եղած: Եթէ զիս դատական ատեան կանչած ըլլային ձերբակալութենէս ետք, զաւակներուս կեանքը պիտի չքայքայուէր եւ ընտանիքս թշուառութեան պիտի չմատնուէր: Ի վերջոյ յաջողեցայ անմեղութիւնս փաստել եւ ընտանիքիս միանալ միայն այն ատեն, երբ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը պետութենէն պահանջեց դաշնակցային դատարանի մը առջեւ պաշտպանել իր արարքները:

Ալճերիայէն հեռացայ 1990-ին` աշխատելու համար արտասահմանի մէջ: 1997-ին ընտանիքիս հետ տեղափոխուեցայ Պոսնիա եւ Հերցեկովինա` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Կարմիր մահիկի կազմակերպութեան մէջ իմ մեծաւորիս պահանջով: Ծառայեցի կազմակերպութեան Սարայեւոյի գրասենեակին մէջ` իբրեւ տնօրէն այն բաժանմունքին, որ մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրէր Պալքանեան պատերազմին բրտութիւններուն ընթացքին իրենց հարազատները կորսնցուցած մանուկներուն: 1998-ին դարձայ Պոսնիոյ քաղաքացի: Լաւ կեանք մը կ՛ապրէինք: Սակայն ամէն ինչ փոխուեցաւ 9 սեպտեմբերէն ետք:

Երբ աշխատավայրս գացի 19 հոկտեմբեր 2001-ի առաւօտուն, գաղտնի սպասարկութեան պատկանող ոստիկան մը զիս կը սպասէր հոն: Խնդրեց, որ ընկերակցէի իրեն` պատասխանելու համար քանի մը հարցումներու: Կամովին ընդառաջեցի: Սակայն վերջը ինծի ըսուեցաւ, թէ չէի կրնար տուն վերադառնալ: Միացեալ Նահանգներ պահանջած էին, որ տեղական իշխանութիւնները զիս ձերբակալէին` 5 այլ ուրիշներու հետ: Այդ օրերու լրատուական տեղեկագիրներու համաձայն, Միացեալ Նահանգներ համոզուած էին, թէ կը ծրագրէի պայթեցնել Սարայեւոյի մէջ իրենց երկրին դեսպանատունը: Ոչ իսկ երկվայրկեան մը մտածած էի այս մասին:

Սկիզբէն յստակ էր, թէ Միացեալ Նահանգներ գործած էին սխալ մը: Պոսնիոյ բարձրագոյն ատեանը հետաքննեց ամերիկեան հաստատումները, տեսաւ, թէ ոչ մէկ ապացոյց գոյութիւն ունէր իմ դէմս եւ պահանջեց ազատ արձակումս: Սակայն, փոխարէնը` այն պահուն, երբ ազատ արձակուեցայ, ամերիկացի գործիչներ ձերբակալեցին զիս` հինգ այլ ուրիշներու հետ: Անասուններու նման կապեցին մեզ եւ օդանաւով ուղարկեցին Կուանթանամօ` Քուպայի մէջ ամերիկեան ծովային խարիսխը: Հոն հասայ 20 յունուար 2002-ին:

Տակաւին հաւատք ունէի ամերիկեան արդարութեան նկատմամբ: Կը հաւատայի, թէ զիս ձերբակալողները անմիջապէս պիտի անդրադառնային իրենց սխալին եւ ազատ պիտի արձակէին զիս: Սակայն, երբ հետաքննիչներուն չտուի այն պատասխանները, զորս կը ցանկային լսել, եւ ինչպէ՞ս կրնայի տալ, երբ ոչ մէկ սխալ գործած էի, հետզհետէ շատ աւելի բիրտ սկսան վարուիլ: Օրեր շարունակ զիս արթուն պահեցին: Կը պարտադրէին ժամերով մնալ նոյն ցաւատանջ դիրքերուն մէջ: Ասոնք բաներ են, որոնց մասին չեմ ուզեր գրել: Կ՛ուզեմ միայն մոռնալ զանոնք:

Հացադուլի դիմեցի երկու տարի, որովհետեւ ոչ ոք կ՛ըսէր ինծի, թէ ինչո՛ւ բանտարկուած էի: Օրական երկու անգամ բանտապահները խողովակ մը կը խրէին քիթիս մէջ, որ կ՛իջնէր կոկորդէս վար եւ կը հասնէր ստամոքս, որպէսզի սնունդ տային: Ահաւոր ցաւ կը պատճառէր: Սակայն անմեղ էի, հետեւաբար շարունակեցի բողոքս:

Իրաւական արդար գործընթացի մը պահանջս 2008-ին հասաւ Ամերիկայի բարձրագոյն ատեան: Անունս կրող որոշումով մը` Գերագոյն ատեանը յայտարարեց, թէ «օրէնքներն ու Սահմանադրութիւնը ձեւագծուած են` գոյատեւելու եւ ի զօրու մնալու համար արտասովոր ժամանակներու մէջ»:  Անիկա օրէնքի կարգով կը յայտարարէր, թէ ինծի պէս բանտարկեալներ, որքան ալ լուրջ ամբաստանութիւններ կրէին, իրաւունք ունէին լսելի դառնալու ատեանի մը մէջ: Գերագոյն ատեանը անդրադարձաւ հիմնական ճշմարտութեան մը, թէ` պետութիւնը կրնար սխալ գործել: Ատեանը ըսաւ հետեւեալը. «Սխալին հետեւանքը կրնայ ըլլալ անձերու բանտարկութիւն` թշնամական արարքներու ամբողջ տեւողութեան, եւ կրնայ երկարիլ մէկէ աւելի սերունդներու վրայ: Ասիկա շատ մեծ վտանգ մըն է, զոր կարելի չէ անտեսել»:

Ուաշինկթընի Դաշնակցային ատեանի դատախազ Ռիչըրտ Լէոն 5 ամիս ետք վերատեսութեան ենթարկեց բոլոր այն պատճառները, որոնք ներկայացուած էին` արդարացնելու համար իմ բանտարկութիւնս, ներառեալ` այն գաղտնի տեղեկութիւնները, զորս երբեք չէի լսած կամ տեսած: Պետութիւնը հրաժարեցաւ դեսպանատունը պայթեցնելու իր ամբաստանութենէն, ճիշդ այն պահուն, երբ դատախազը կը պատրաստուէր լսելու զայն: Ատեանին նիստէն ետք դատախազը պետութենէն պահանջեց ազատ արձակել զիս եւ չորս այլ անձեր, որոնք ձերբակալուած էին Պոսնիոյ մէջ:

Երբեք պիտի չմոռնամ այն պահը, երբ միւս չորս անձերուն հետ նստած էի Կուանթանամոյի մէկ մռայլ սենեակին մէջ եւ խռպոտ բարձրախօսէ մը կը լսէի դատախազ Լէոնը, որ կը կարդար իր որոշումը` Ուաշինկթընի դատական ատեանէն: Ան պետութենէն կ՛աղերսէր վերատեսութեան չենթարկել իր ներկայացուցած վճիռը, որովհետեւ «եօթը տարի սպասելը մեր իրաւական համակարգին, որպէսզի պատասխան մը տար այսքան կարեւոր հարցի մը, իմ դատողութեամբս` նոյնիսկ աւելի քան շատ է», ինչպէս կ՛ըսէր ան: Ի վերջոյ ազատ արձակուեցայ 15 մայիս 2009-ին:

Այսօր կ՛ապրիմ Փրովանսի մէջ, կնոջս եւ զաւակներուս հետ: Ֆրանսան մեզի տուած է բնակարան մը եւ նոր սկիզբ մը: Ապրած եմ հաճոյքը զաւակներուս հետ վերընտելանալու եւ մանչ զաւակի մը` Եուսուֆի գալուստին, 2010-ի օգոստոսին: Կը սորվիմ ինքնաշարժ վարել, կը յաճախեմ արհեստից վարժարան մը եւ կը վերակառուցեմ կեանքս: Կը յուսամ դարձեալ աշխատիլ` ծառայելով կարիքաւորներուն, սակայն եօթուկէս տարի իբրեւ Կուանթանամոյի բանտարկեալ ապրելէ ետք, մարդկային իրաւանց միայն սակաւաթիւ կազմակերպութիւններ լրջօրէն մտածած են ինծի աշխատանք տալու մասին: Չեմ սիրեր մտածել Կուանթանամոյի մասին: Յիշողութիւնները լեցուն են ցաւով: Սակայն պատմութիւնս կը բաժնեմ ձեզի հետ, որովհետեւ 171 հոգի տակաւին արգելափակուած կը մնայ հոն: Անոնց շարքին է Պելքաչեմ Պենսայահը, որ ձերբակալուած էր Պոսնիոյ մէջ եւ ինծի հետ Կուանթանամօ ուղղարկուած:

Կուանթանամոյէն շուրջ 90 բանտարկեալներ ազատ արձակելու որոշում կայացած է: Անոնցմէ ոմանք բերուած էին Սուրիոյ կամ Չինաստանի նման երկիրներէ, ուր կրնային տանջանքներու ենթարկուիլ, եթէ վերադառնային, կամ Եմէնէն, զոր Միացեալ Նահանգներ կը նկատեն անկայուն երկիր մը: Հետեւաբար անոնք կը շարունակեն մնալ արգելափակուած, անյայտ ժամանակով, ոչ թէ որովհետեւ վտանգաւոր անձեր են, ոչ թէ որովհետեւ յարձակած են Ամերիկայի վրայ, այլ որովհետեւ Կուանթանամոյի խարանը կը նշանակէ, թէ անոնք երթալիք տեղ չունին, իսկ Ամերիկա նոյնիսկ մէկ հոգիի ապաստան չի տար:

Ինծի կ՛ըսեն, թէ Գերագոյն ատեանին ներկայացուած իմ հարցս այժմ կը կարդացուի իրաւաբանական դպրոցներու մէջ: Թերեւս օր մը ասիկա կրնայ գոհուկանութիւն պատճառել ինծի, սակայն այնքան ատեն որ Կուանթանամոն կը մնայ բաց եւ անմեղ մարդիկ կը մնան հոն, միշտ պիտի մտածեմ անոնց մասին, որոնք կը մնան տառապանքի եւ անարդարութեան այս վայրին մէջ:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES