ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ. «ԻՐԱՆՑԻ ՇԻՆՏԼԸՐԸ»
ԻՐԱՆՑԻ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՀՐԵԱՆԵՐ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՊԱՐՏԻՆ Բ. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԻՍԼԱՄ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏԻ ՄԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ «ՏԸ ԼԱՅԸՆ՛Զ ՇԵՏՕ» ԳԻՐՔԸ, ՈՐ ԿԸ ՊԱՏՄԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՀՊՏՈՒԼՀՈՍԷՅՆ ՍԱՐՏԱՐԻ ԱՄԷՆ ՎՏԱՆԳ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ Է` ՕԳՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՐԱՆՑԻ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԿԱՐԵՆԱՆ ԽՈՅՍ ՏԱԼ ՆԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐԷՆ: ԹԷԵՒ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՆՄԱՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ ՄԸ ԳԼԽԱՒՈՐԱԲԱՐ ԿԸ ՄԻՏԻ ՄԵՂՄԵԼ ԻՐԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ԽՈՐՔԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԴԱԺԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԷԱՊԷՍ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՒ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻ ՄԸ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՄԷԿ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ… ԵՒ` ԱՅԼ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԸ ՅԱՐՄԱՐ ՆԻՒԹ ՄԸ:
Էլիան Սենահի Քոհանիմ 7 տարեկան էր, երբ իր ընտանիքին հետ խոյս տուած էր Ֆրանսայէն:
Ան կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս իր նախասիրած պուպրիկը բռնած` փորձած էր այնքա՛ն անշարժ պառկիլ, որքան որ կարելի էր, ձեւացնելով, թէ քնացած էր, ամէն անգամ, որ գնացքը կանգ առնէր նացիական անցարգելի մը առջեւ:
«Կը յիշեմ, թէ փախուստի ճամբուն վրայ ամէն տեղ կը հարցնէին մեր անցագիրները: Կը յիշեմ, երբ հայրս կը ներկայացնէր մեր անցագիրները, եւ զինուորները կը ստուգէին զանոնք, ապա մեզի կը նայէին: Ասիկա կը վախցնէր, շատ կը վախցնէր», կը պատմէ ան:
Քոհանիմ եւ անոր ընտանիքը մաս կը կազմէին իրանցի հրեաներու սերտ հաւաքականութեան մը, որ կը բնակէր Փարիզի մէջ եւ անոր շուրջ:
Քոհանիմի հայրը` Ճորճ Սենահի, հիւսուածեղէնի բարեկեցիկ առեւտրական մըն էր: Ընտանիքը կը բնակէր մեծ եւ հանգստաւէտ բնակարանի մը մէջ, Ֆրանսայի մայրաքաղաքէն 25 քմ դէպի հիւսիս` Մոնմորնսիի տարածքին:
ԴՈՂԱԼՈՎ…
Երբ նացիները Ֆրանսա ներխուժեցին, Սենահիները փորձեցին խոյս տալ դէպի Թեհրան` որոշ ժամանակ մը պահուըտելով ֆրանսական քաղաքամերձ շրջաններուն մէջ, մինչեւ որ ստիպուեցան վերադառնալ Փարիզ, որ այլեւս կը գտնուէր նացիական գաղտնի սպասարկութեան ճիրաններուն մէջ:
«Կը յիշեմ անոնց վերաբերմունքը: Անոնց քալելու ձեւը` իրենց սեւ մոյկերով: Միայն զանոնք դիտելը այդ օրերուն` վախ պիտի պատճառէր ոեւէ մանուկի», կը յիշէ Քոհանիմ, որ այժմ կը բնակի Քալիֆորնիա:
Իրանցի այլ հրեաներու պէս` Սենահի դիմած է Փարիզի մէջ Իրանի դիւանագիտական պատուիրակութեան երիտասարդ ղեկավարին:
Ապտուլ Հոսէյն Սարտարի յաջողած է Սենահի ընտանիքին ապահովել անցագրեր եւ ճամբորդական վաւերաթուղթեր` անվտանգ ուղեւորուելու համար նացիական տիրապետութեան տակ գտնուող եւրոպական երկիրներէն: Այսուհանդերձ, մէկ ամսուան վրայ երկարող այս ճանապարհորդութիւնը զերծ չէր վտանգներէ:
«Հայրս իրողապէս կը դողար սահմաններուն վրայ,- կը յիշէ Քոհանիմ:- Թէեւ ան զօրաւոր մարդ մըն էր, որ իր ընտանիքին ներշնչած էր այն մեծ ինքնավստահութիւնը, թէ` ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանար»:
ԱՆՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՀԵՐՈՍԸ
Քոհանիմ 78 տարեկան մեծ մայր մըն է, որ 30 տարիէ ի վեր կ՛ապրի Քալիֆորնիա, իր ամուսինին` Նասըր Քոհանիմի հետ, որ դրամատան մը յաջող ղեկավարն է: Քոհանիմ կասկած չունի, թէ ինք եւ իր կրտսեր եղբայրը` Քլոտ, որո՛ւն կը պարտին իրենց կեանքը:
«Հայրս միշտ կ՛ըսէր, թէ Սարտարիի շնորհիւ էր, որ դուրս եկանք Ֆրանսայէն, – կը յիշէ ան:- Հօրեղբայրներս, հօրաքոյրներս, մեծ հայրերս եւ մեծ մայրերս կ՛ապրէին Փարիզի մէջ: Բոլորն ալ Սարտարիի կը պարտին իրենց կեանքը»:
«Անոնք, որոնք զուրկ էին Սարտարիի պաշտպանութենէն, ձերբակալուեցան, եւ այնուհետեւ ոչ ոք որեւէ բան տեղեկացաւ անոնց մասին»:
«Կը կարծեմ, թէ Սարտարի այդ ժամանակներուն կը նմանէր Շինտլըրի` օգնելով Փարիզ ապրող հրեաներուն», կ՛ըսէ ան:
Ճարտարարուեստական գործառնութեան մը գերմանացի սեփականատէր Օսքար Շինտլըրի պէս, որ Ողջակիզումի ժամանակներուն փրկած էր աւելի քան 1000 հրեաներու կեանքը` զանոնք աշխատցնելով իր գործարաններուն մէջ, Սարտարի անհաւանական հերոս մըն էր:
ՆԱՑԻԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ
Ֆարիպորզ Մոխթարի իր «Ին տը լայն՛զ շետօ» գիրքին մէջ կը պատկերէ տիպարը կեանքը սիրող ամուրի երիտասարդի մը, որ յանկարծ կը դառնայ ղեկավարը իրանեան դիւանագիտական մնայուն պատուիրակութեան մը` Բ. Աշխարհամարտի սկիզբը:
Թէեւ պաշտօնապէս չէզոք` Իրան նախանձախնդիր էր առեւտրական իր ամուր յարաբերութիւնները շարունակելու Գերմանիոյ հետ: Այս դասաւորումը յարմար կը թուէր Հիթլերի: Նացիական քարոզչական մեքենան իրանցիները կը հռչակէր արիական ազգ մը, որ ցեղակից էր գերմանացիներուն:
Այսուհանդերձ, Փարիզի մէջ իրանցի հրեաներու դէմ հալածանքը կը շարունակուէր եւ անոնք յաճախ լրտեսներու կողմէ կը մատնուէին իշխանութիւններուն:
Կարգ մը պարագաներու նացիական գաղտնի ոստիկանութիւնը տեղեակ կը պահուէր, երբ նորածին հրեայ մանչեր կը թլփատուէին հիւանդանոցներու մէջ: Անոնց սարսափահար մայրերուն կը թելադրուէր ծնունդներուն մասին տեղեակ պահել Հրէական հարցերու գրասենեակին, որպէսզի հոնկէ ստանային դեղին այն նշանները, զորս հրեաները պարտաւոր էին կրել իրենց հագուստներուն վրայ եւ ներկայացնել իրենց վաւերաթուղթերը` իրենց ցեղային պատկանելիութիւնը հաստատող դրոշմներ ստանալու համար:
Սակայն Սարտարի իր ազդեցութիւնը եւ գերմանական պայմանագրութիւնները օգտագործած էր` նացիական այս օրէնքներէն զերծ կացուցելու համար աւելի քան 2000 իրանցի հրեաներ եւ հաւանաբար նաեւ ուրիշներ, վիճելով, թէ անոնք արենակից չէին Եւրոպայի մէջ ապրող հրեաներուն:
Սարտարի նաեւ յաջողած էր օգնել բազմաթիւ իրանցիներու, ներառեալ` հրէական համայնքի անդամներու, վերադառնալու Թեհրան, զանոնք օժտելով նոր տեսակի իրանեան անցագրերով, որպէսզի կարենային ճամբորդել Եւրոպայի վրայով:
Իրանի մէջ 1925-ին տեղի ունեցած իշխանափոխութիւն մը պատճառ դարձած էր, որ հրապարակուէին նոր տեսակի անցագրեր եւ անձնաթուղթեր: Բազմաթիւ իրանցիներ, որոնք կը բնակէին Եւրոպայի մէջ, զուրկ էին այս վաւերաթուղթերէն: Ուրիշներ, որոնք ամուսնացած էին ոչ իրանցիներու հետ, ձանձրոյթը չէին կրած ստանալու իրանեան անցագրեր` իրենց կողակիցներուն կամ զաւակներուն համար:
Երբ 1941-ի սեպտեմբերին Բրիտանիա եւ Ռուսիա ներխուժեցին Իրան, շատ աւելի դժուարացաւ Սարտարիի մարդասիրական աշխատանքը:
Իրան համաձայնագիր մը կնքեց դաշնակիցներուն հետ, եւ Սարտարի հրահանգ ստացաւ Թեհրանէն` վայրկեան առաջ վերադառնալու իր երկիրը:
ԶՏԱՐԻՒՆ ՑԵՂ
Սակայն, հակառակ դիւանագիտական իր անձեռնմխելիութիւնը եւ դիրքը կորսնցնելուն` Սարտարի որոշեց մնալ Ֆրանսա եւ շարունակել իրանցի հրեաներուն օգնելու իր աշխատանքը` դիմագրաւելով բացայայտ վտանգ` իր անձին դէմ, միաժամանակ օգտագործելով իրեն ժառանգ մնացած ընտանեկան հարստութիւնը` բաց պահելու համար իր գրասենեակը:
Սարտարի նացիներուն ուղղուած շարք մը նամակներով եւ տեղեկագիրներով կը հիւսէր այն պատմութիւնը, թէ պարսիկներու Կիրոս կայսրը Ն. Ք. 538-ին ազատութիւն շնորհած էր Բաբելոնի մէջ հրեայ աքսորականներու, եւ անոնք վերադարձած էին իրենց երկիրը` Պարսկաստան:
Այսուհանդերձ, ան կ՛աւելցնէր, թէ աւելի ուշ իրանցիներու փոքր խումբ մը սկսած էր աւելի գրաւիչ նկատել Մովսէս մարգարէի ուսուցումները, եւ անոր հետեւորդները, այսինքն` իրանցի մովսիսականները, զորս ան կը կոչէր «ճուկութեն», մաս չէին կազմէր հրէական ցեղին:
Իրաւաբանի իր բոլոր կարողութիւնները օգտագործելով` Սարտարի շահագործած էր նացիական գաղափարաբանութեան ներքին հակասութիւններն ու տկարութիւնները` յատուկ կարգավիճակ ապահովելու համար «ճուկեթեններուն», ինչպէս նշուած է Մոխթարիի գիրքին արխիւային նիւթերուն մէջ:
Բարձր մակարդակի վրայ հետաքննութիւններ ծայր տուած էին Պերլինի մէջ: Ցեղային մաքրամաքուր պատկանելիութեան մասնագէտներ գործի կանչուած էին` իրենց կարծիքը տալու համար, թէ արդեօք իրանեան այս աղանդը իրապէ՞ս հրեայ էր, թէ՞ ոչ: Մոխթարիի համաձայն, ծագումնային այս պատմութիւնը հաւանաբար ինքնին Սարտարիի սեփական յայտնագործութիւնն էր:
Գերմանացի մասնագէտները մերժած էին որեւէ ձեւով յանձնառու զգալ եւ առաջարկած էին, թէ յաւելեալ նիւթական ներդրումներ պէտք էր կատարուէին` հարցը ուսումնասիրելու համար:
ՄԱՀ` ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Սարտարիի աղերսները 1942-ի դեկտեմբերին արդէն հասած էին հրէական հարցերու նացի գլխաւոր պատասխանատու Ատոլֆ Այխմանի, որ արհամարհած էր զանոնք: Մոխթարիի գիրքին մէջ հրատարակուած նամակի մը մէջ Այխման զանոնք կը նկարագրէ իբրեւ «հրէական սովորական հնարք մը եւ ծպտումի ճիգ մը»:
Սակայն Սարտարի ձեւով մը յաջողած էր օգնել ընտանիքներու, որ խոյս տային Փարիզէն, այնպիսի ժամանակներու, երբ շուրջ 100 հազար հրեաներ Ֆրանսայէն ուղարկուած էին դէպի սպանդանոցներ:
Կը կարծուի, թէ Սարտարիի գաղտնի արկղին մէջ գոյութիւն ունեցած են 500-1000 դատարկ անցագրեր: Մոխթարի իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ եթէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տրուած էր գէթ երկու կամ երեք անձերու, ապա կը նշանակէ, թէ «ան հաւանաբար փրկած էր աւելի քան 2000 հոգիի կեանքը»:
Սարտարի իր կենդանութեան երբեք ճանաչումի չէ ձգտած իր արարքին համար, շեշտելով, թէ միայն իր պարտականութիւնը կը կատարէր: Ան մեռած է առանձնութեան մէջ, 1981-ին, հարաւային Լոնտոնի Քրոյտոն շրջանին մէջ, կորսցնելէ ետք դեսպանի իր թոշակը եւ Թեհրանի մէջ իր կալուածները` իրանեան յեղափոխութեան ժամանակ:
Ան յետմահու ճանաչում գտած է մարդասիրական իր աշխատանքին համար, 2004-ին Լոս Անճելըսի Սայմոն Վիզընթալ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին:
Մոխթարի կը յուսայ, որ իր գիրքին մէջ Քոհանիմի նման վերապրողներու վկայութիւնները պատմելով` Սարտարիի պատմութիւնը պիտի ծանօթացնէ շատ աւելի լայն հանրութեան, միաժամանակ խորտակելով Իրանի եւ իրանցիներուն նկատմամբ «ժողովրդականութիւն վայելող դիւր կարծիքները»:
«Մեր դիմաց ունինք իսլամ իրանցի մը, որ կը շեղի սովորական ուղիէն, կը վտանգէ իր կեանքը եւ վստահաբար` իր ասպարէզը, ունեցուածքն ու ամէն ինչ` փրկելու համար իրանցի հայրենակիցներու կեանքը», կ՛ըսէ ան:
«Այստեղ որեւէ տարբերութիւն չկայ, որ կ՛ըսէ. ես իսլամ եմ, ան` հրեայ, կամ` որեւէ նման բան մը»:
Մոխթարի կը հաւատայ, թէ Սարտարիի պատմութիւնը «ցոյց կու տայ իրանցիներուն մշակութային հակումը հանդուրժողութեան», որ յաճախ կ՛անտեսուի քաղաքական ժամանակակից մթնոլորտին մէջ:
Սարտարի իբրեւ իրաւաբան մարզուած էր Զուիցերիոյ մէջ` նախքան դիւանագէտ դառնալը: Ան Բ. Աշխարհամարտէն ետք խուսափած էր հրապարակային լուսարձակներէ:
ԱպտուլՀոսէյն Սարտարի
(ապրած է 1895-1981)
- 1925. Ղաժար թագաւորական ընտանիքը, որուն կը պատկանի Սարտարի, կը կորսնցնէ Իրանի իշխանութիւնը:
- 1936. Սարտարի կը ստանայ իրաւագիտութեան վկայական` Ժընեւի համալսարանէն:
- 1940. Նացիական ներխուժումէն ետք կը ստանձնէ Ֆրանսայի մէջ Իրանի դիւանագիտութեան պատուիրակութեան ղեկավարութիւնը իր աներորդիէն:
- 1941. Իրանցի եւ հազարաւոր այլ հրեաներ կը փրկէ նացիական հալածանքներէ եւ սպանդէ` օգտագործելով ցեղային պատկանելիութեան առնչուած նացիական օրէնքներու բացառութիւններ, եւ օգնելով, որ անոնք խոյս տան Ֆրանսայէն:
- 1948. Արտօնութիւն կը խնդրէ ամուսնանալու իր երբեմնի սիրուհիին` չինացի օփերայի երգչուհի Չին Չինի հետ, սակայն անոր հետքը կը կորսուի Չինաստանի յեղափոխութեան ժամանակ:
- 1952. Կը կանչուի Թեհրան, ուր կը դիմագրաւէ սխալ վարմունքի եւ զեղծարարութեան ամբաստանութիւններ` պատերազմին ընթացքին իր տուած անցագրերուն առնչութեամբ:
- 1955. Կը թօթափէ իր դէմ ամբաստանութիւնները եւ կը վերսկսի իր դիւանագիտական գործունէութեան, ի վերջոյ հանգստեան կոչուելով Լոնտոնի մէջ:
- 1978. Կը կորսցնէ թոշակի իր իրաւունքները եւ կալուածները` իրանեան յեղափոխութեան ժամանակ:
- 1981. Կը մեռնի անանուն, հարաւային Լոնտոնի մէջ, սակայն յետմահու պատիւներու կ՛արժանանայ հրէական կազմակերպութիւններու կողմէ:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ



