ԱՌԱՍՊԵԼ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի մէջ վերջին տարիներուն հայ կերպարուեստագէտներու եւ առհասարակ հայ կիրառական արուեստի վերաբերող շքեղ պատկերագիրքեր կը հրատարակուին: Շքեղը կ՛ընդգծենք անոր համար, որ միջազգային արուեստի հրապարակներուն վրայ հայ կերպարուեստը ըստ արժանւոյն ներկայացնելու եւ կամ զայն մրցունակ դարձնելու համար մասնագիտական մօտեցումը, ներկայացումներն ու տպագրական որակը կենսական, երբեմն նոյնիսկ ճակատագրական նշանակութիւն կ՛ունենան:
Այդ շքեղ հրատարակութիւններէն մէկը վերջերս լիբանանեան «Անթուան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած եւ Րաֆֆի Թոքաթլեանի ստեղծագործական կեանքին նուիրուած գեղատիպ հատորն է: Հեղինակը` Էտկար Դաւիթեան, իր մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Փարիզի մէջ. նախ ստացած է քաղաքական գիտութիւններու մագիստրոսի աստիճան եւ ապա ժամանակակից գրականութեան մէջ արժանացած է դոկտորայի վկայականի:
Տասներկու տարի իբրեւ մշակութաբան «Ռեվէյ»-ի աշխատակցելէ եւ տասնհինգ տարիներ «Ֆըրսթ Լուք»-ի խմբագրապետի պաշտօնը վարելէ ետք, 1987-ին կը սկսի աշխատակցիլ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի` իբրեւ մշակոյթի սիւնակի պատասխանատու:
Ան հեղինակ է երեք գիրքերու: Առաջինը` «Շաքարափամփուշտը, որ 1977 եւ 1978-ին երկու տարի կը բեմադրուի ու կը խաղցուի Փարիզի մէջ` ֆրանսերէնով: Երկրորդը «Անպատկառօրէն կը պոռամ», որ պատմուածքներու հաւաքածոյ մըն է, իսկ երրորդը` «Առասպել եւ իրականութիւն», որ նուիրուած է Րաֆֆի Թոքաթլեանի ստեղծագործական կեանքին:
Րաֆֆի Թոքաթլեան արդէն իսկ իր ստեղծագործական ուղին ճշդած եւ ինքզինք հաստատած լիբանանահայ կերպարուեստագէտ մըն է, որուն արուեստը սկսած է տարածուիլ ամբողջ աշխարհի մէջ` Եւրոպայէն անցնելով Միացեալ Նահանգներ ու հասնելով մինչեւ Ճափոն:
Հպարտութեամբ կ՛արձանագրենք, որ շաբաթ, 28 յունուարին «Պիէլ»-ի մէջ կայացած Սըրսոք թանգարանի աշնանային տարեկան ցուցահանդէսին Րաֆֆի Թոքաթլեանի շնորհուեցաւ քանդակագործութեան առաջին մրցանակը:
Անոր արուեստի բնոյթին եւ գեղարուեստական արժանիքներուն մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար մեր ընթերցողներուն, ստորեւ թարգմանաբար հատուած մը կու տանք Էտկար Դաւիթեանի հեղինակած «Առասպել եւ իրականութիւն» գիրքէն:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՐԱՖՖԻ ԹՈՔԱԹԼԵԱՆԻ ԾՈՎԱԳՆԱՑ
ՔՍԱՆՄԷԿ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐԸ Կ՛ՈՂՋՈՒՆՈՒԻՆ
ԻԲՐԵՒ ԿԵՆԴԱՆԻ ԳԵՐԻՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
ԷՏԿԱՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Փոթորիկներու, կոհակներու կամ արեւուն տակ թափանցիկ արտացոլացումներով հանդարտ ջուրերու ընդմէջէն, Նիւ Եորքի երկնաքերներէն մինչեւ Վենետիկի կոնտոլները, Նոր աշխարհէն մինչեւ Հինը` պրոնզը կը բարբառի: Ան կը բարբառի կիրքով եւ ուժգնութեամբ` ընդդէմ մոռացումի եւ բացակայութեան:
Ան կը խօսի մարդկային արժէքներու փլուզումն ու աւերումը յիշեցնելու յանձնառութեան մասին:
Առասպելի եւ իրականութեան միջեւ քսանմէկ քանդակները կանգնած են ԺԱ. դարու երախը բաց դարպասի մուտքին:
Բացորոշ խորհրդանիշը մտաբերել կու տայ քսանմէկ թիւը, որ պրոնզի ինքնավստահ սահունութեան, փայլուն ու կարծր եւ ջղաձիգ կորութեան հետ կը միաձուլէ անցեալը, ներկան ու ապագան:
Քսանմէկ քանդակները դուրս գալով զիրենք կաշկանդող կաղապարներէն, ձերբազատելով կաւէ պատեաններէն` կեանքի կը կոչուին մերկանալով հալչող մոմէ ծածկոյթներէն:
Քսանմէկ քանդակներ, մշակուած, յղկուած, պատրաստ` ինքնավստահօրէն դիմագրաւելու քսանմէկերորդ դարու գեղագիտական օրէնքները իր հարցումներով, մտահոգութիւններով թէ տուայտանքներով: Ուժեղ դար մը, ուր հանգիստի ու հաճոյքի որոնումին յանգոյն գիտակիցն ու ենթագիտակիցը արագօրէն կը միաձուլուին` դէպի գիտութիւն թաւալգլոր եւ հեւքոտ անոր ընթացքին մէջ անտեսելով ամէն տեսակի սանձ ու արագութեան սահման:
Այս հերձուածային բնոյթի գործերը Ռոտենի կազմախօսական ուժեղ լեզուի ու Տալիի գերիրապաշտ երեւակայութեան միջեւ երեք տարի մնալէ ետք Նիւ Եորքի «Տաուն Թաուն» ցուցասրահէն մինչեւ Վենետիկի Զենոպիօ Պալատը, ուր թէեւ դրուածքը փոխուած է, սակայն քանդակագործական այս արուեստին էութիւնը տակաւին կը մնայ նոյնքան կենսական եւ գերիրապաշտ` աւելի քան երբեք:
Ժամանակակից հանելուկային «Ողիմպոս լեռ»-ը որ յունա-բիւզանդական դիցաբանութեան կը վերանայի յարափոփոխ պատկերներու եւ խորհրդանիշներու ճամբով, յագեցած է կորութիւններով, ցցուածքներով, կենդանութեամբ, ինչպէս նաեւ` աղեղներով եւ յօրինումներով, որոնք ժամանակակից ըլլալով հանդերձ, հեռակայ են` հակառակ բոլոր ակնկալութիւններուն:
Բոլոր անոնք, որոնք ծանօթ են արուեստագէտին ինքնութեան ու ծագման, գիտեն, թէ հեռանակարի վրայ առկայ է հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը:
Եղեռն մը, թէեւ գործուած` 1915-ին, մինչեւ այսօր կը շարունակէ ցաւ պատճառել սարսափազդու յիշողութիւններով:
Այս խիտ, հրատապ եւ հեւքոտ շրջանակին մէջ, մաքուր գիծերու եւ մեղմ, մութ կարմիրի զարնող սրճագոյնին ընդմէջէն, պահելով հանդերձ հպարտ եւ պերճախօս լռութիւն մը, պրոնզը չի հեռանար դասականէն եւ պայմանադրականէն:
Ձեւոյթներու եւ զգացումներու ընդմէջէն փոխ առնելով գոյութեան ամբողջ անչափելիութիւնն ու իմաստը` առկայ է ըմբոստ սուր, ուժգին եւ նորարար լեզու մը:
Ոչ սովորական լեզու մը, որ անմիջապէս կը գրաւէ աչքն ու զգայարանքները: Լեզու մը, որուն ձեռքը ի դիմաց այս սեռազուրկ ու խառնածին արարածներուն, որոնք խոյս տուած են երկրի, երկնքի ու դժոխքի միջեւ եղող աշխարհէն, թէեւ դժկամ, բայց տակաւին պիտի ուզեն յայտնաբերել, գրկել ու շոյել նման այն դողդողացող, ծանօթ մորթին, որ կենդանի է, պիրկ, խենթեցնող ու անծածկոյթ:
Այս անսանձ, սառած ու ոլորապտոյտ քանդակային արուեստին մէջ, երեւակայական անկաշկանդ աշխարհի մը ազդեցութեան տակ, կը միաձուլուին յաւերժահարսեր, մարդաձիեր, այծեմարդեր, մարդագլուխ հրէշներ, դիցաբանական շուներ, մետիւզաներ, իքարիւսներ, Հերմէսը, Սիզիւփոսը, Հատէսը եւ այլք, ուր առկայ են հաճոյք եւ մերժում, ծիսականութիւն ու գուշակութիւն, աստուածութիւններ եւ ոգիներ:
Տակաւին հովի ներբաններուն վրայ, գլխատուած, սրտաբեկ, երկգլխանի եւ կոտոշաւոր էակներ, փափուկ ու դեռատի մեղրամոմի նման հալչող կիսա-հրեշտակներ, կիսայծեր, ցցանման սրունքներով թէ բարակ սարդանման թաթերով, աղեղանման ուսերով, լայն ու խորունկ որովայնով` կը ձգուին սողուններու յանգոյն մեծ օղակներով:
Առ այդ, կը բացայայտուի խորաթափանց, անխուսափելի եւ վախազդու միախառնումը մարդուն, անասունին եւ բոյսին, երկրի ամենախոր արմատներուն եւ կեանքի ամենախորհրդաւոր տիղմերուն միջեւ :
Երեւակայութեան հեռաւոր ու մթին գօտիներէն կ՛երեւան ամէնէն անգութ եւ ամէնէն արտասովոր արարածները: Սակայն` առանց զերծ ըլլալու Աստուծոյ ողորմութենէն, առանց զերծ ըլլալու կաթիլ մը իսկ քրիստոնէական սէրէ, եւ ոչ ալ` առանց մշտատեւ յիշեցումի, թէ մարդկութիւնը սայթաքած է, նոյնիսկ պարտուած. բայց ոչ` յանձնուած, ո՛չ բոլորովին անյոյս կամ տեղի տուած:
Այս իմաստով, խաչուած Քրիստոս մը հրեշտակներով` կը նշանակէ զոհաբերում եւ քաւութիւն: Հաւատքի աներեր արարք մը` առ երկնային ողորմութեան, կենսունակ հաւատամք մը մարդեղացման եւ յարութեան խորհուրդին: Բայց նաեւ` խիստ, հարցաքննող, չարամիտ ու բարի նայուածք մը, որ լի է հաւատքով ու մարտահրաւէրով, անփութութեամբ եւ խոնարհութեամբ, թաթախուած քաջութեան ու վախի մէջ:
Նայուածք մը, որ միշտ ուղղուած է դէպի յաւիտենականութիւն` գաղտագողի յենելով շնորհի, նախախնամութեան եւ ներողամտութեան վրայ: Րաֆֆի Թոքաթլեանի համար մարդն ու անոր ճակատագիրը կը մնան հրեշտակներու ձեռքին մէջ եւ Աստուծոյ պաշտպանութեան ներքեւ` հակառակ բոլոր անսպասելի փոփոխութիւններուն, անհեթեթութիւններուն, պայքարներուն, դժուարութիւններուն եւ զրկանքներուն:
Լարախաղացներու չափանիշով, անյաղթահարելի աստուածութեանց եւ խոնարհ մահկանացուներու միջեւ, լուռ եւ անշարժ տողանցք մը` մարդակերպ արարածներու, մասնատուած երկրաւոր ուղեւորութեան ծանրութեամբը: Երեւութապէս անսխալ, կատարելութեան եզրին, սակայն ենթակայ մթին անակնկալներու եւ փոխակերպութեանց սպառնալիքին:
Հոս յանկարծ, այս անթերի, անարատ կենսունակութեամբ լի մարմինները, իբրեւ թնդանօթի թիրախ` կը փոխակերպուին հալչող միսերու, փշրուած ու ցիրուցան եղած մետաղեայ կաղապարներու:
Ըստ տեսնուածին, այնտեղ, ուր մարմինը զօրաւոր է նոյնիսկ պարտութեան մէջ, գրաւիչ ու աչքառու` նոյնիսկ ծայրայեղութեան մէջ, կիզակէտը կը հանդիսանայ պատումի մը, որ վարպետօրէն քանդակուած է: Հմուտ ոսկերիչ մը, որուն համար մարդկային մարմինը փետուրի չափ թեթեւ, ծառի բունին պէս զօրաւոր եւ կեղծիքի չափ փոփոխելի կռանելի մեքենայ մըն է:
Ասիկա խաւարի ու լոյսի, մղձաւանջի ու հեղեղի միջեւ գծուող ուղեւորութեան մը պատմութիւնն է: Էրոս ու Թանաթոս: Ստեղծագործութիւններ, որոնք առանց վախնալու ուռուցիկ կամ չափազանցեալ խոժոռումներէ` կը խօսին փոխաբերական այլաբանական եզրերով, կերպարներու մասին, որոնք կ՛որոնեն անդրաշխարհայինը, խաղաղութիւն, ներդաշնակութիւն եւ յաւիտենականութեան բեկորները:
Մարմին մը վստահաբար փառաբանուած` իր շնորհալիութեան, լուսաւորուածութեան, ձգուածութեան եւ ուժին մէջ, բայց նաեւ լքուած` իր տխեղծութեան, ձեւազեղծութեան, տկարութեան, հաշմութեան եւ սպառուածութեան մէջ:
Այս երեք տարածականութիւններով յագեցած պատումին մէջ մարմինները ենթակայ են խիստ կարգապահութեան, մարտարուեստի լուրջ վարժութիւններով, որոնք ունին արտասովոր եւ հարուստ մեկնաբանութեան մը ճկունութիւնը:







