ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԾՆՆԴՈՑԻՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՏԱՍԱԼԻԿԸ (ՏԻ.ՎԻ.ՏԻ.). ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ ՄԸ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Հայակերտ այս քաղաքին` Պուրճ Համուտի պատմութիւնը արձանագրուած է մօտիկ անցեալին լոյս տեսած հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով: Հետեւելով գիտութեան ընձեռած օգտակարութեան, ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբը 2011-ին ձեռնարկեց խտասալիկի մը պատրաստութեան` պատմութեան յանձնելու Պուրճ Համուտի ծննդոցին եւ հետագայ տարիներու զարգացման հոլովոյթը/ 1923- մինչեւ օրս, այս պարագային մինչեւ 2011 թուական:
16 հոկտեմբեր 2011-ին, ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն նախաձեռնեց ներկայացման փառատօնի մը, նուիրուած Պուրճ Համուտի: Փառատօնը տեղի ունեցաւ 16 հոկտեմբեր 2011-ին Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը: Յետմիջօրէին սկսած էր փառատօնը` գեղանկարչական ցուցադրութեամբ, հայկական խոհանոցի ճաշատեսակներու ներկայացումով, պատրաստութեամբ ԼՕԽ-ի շրջանի մասնաճիւղերու եւ հայրենակցական տիկնանց խումբերու: Փառատօնը ունեցաւ նաեւ բանախօսութեան բաժին` հայերէն եւ արաբերէն, Պուրճ Համուտի դիմագիծը ներկայացնող դրուատական բանաձեւումներով:
Փառատօնը ունեցաւ երգի բաժին` մանկական երգեցողութեան յատուկ, նաեւ երեկոյեան առաջին ժամերէն մինչեւ կէս գիշեր մեր սիրուած երգիչները ներկայացուցին ազգային, ժողովրդային, հայրենասիրական երգեր: Այս մասին «Ազդակ» արձագանգած էր արդէն 17 հոկտեմբերի իր թիւով:
Չմոռնանք յիշելու, որ Պուրճ Համուտը ներկայացնող լուսանկարները հետաքրքրութիւն ստեղծեցին: Այս առնչութեամբ պատրաստուած խտասալիկ Տի.Վի.Տի.ն ուշադրութիւնը գրաւեց ներկայ հոծ հանդիսականներու, բայց բնականաբար օրուան բազմաբնոյթ յայտագրին մէջ մնաց անցողակի իրագործում: Նկատի առած խտասալիկին պատմական եւ վաւերագրական իմաստը` կ՛ուզենք շեշտել յիշեալ խտասալիկին կարեւորութիւնը` իբրեւ պատմական գիտելիք եւ ծանօթութիւն փոխանցող ժապաւէնի մը, որուն իրագործման նպաստեցին, գիրով ու նկարներով արձանագրեցին Վիգէն Աւագեան եւ լուսանկարիչ Մարգար Թումայեան (սթիւտիօ «Աշնակ»):
Մեր այս արձագանգը քարոզչութիւն չնկատուի, այլ` պարզ յիշեցում մը, որուն անդրադառնալը անյետաձգելի նկատեցինք: Նոյն ատեն կը թելադրենք մեր միութիւններուն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, ինչո՛ւ չէ, նոյնպէս մասնաճիւղերու, ԼԵՄ-ական կամ պատանեկան միութիւններու, մշակութային կազմակերպութիւններու, առիթներ ստեղծեն յատուկ ձեռնարկներով ցոյց տալու համար պաստառի մը վրայ յիշեալ խտասալիկին ներկայացուցած Պուրճ Համուտի պատմութիւնը, լաւ ճանչնալու համար մեր հայրերուն հիմնած այս քաղաքը, գուրգուրալու համար անոր մաքուր ու հայադրոշմ պահպանման:
Պէտք է դիտել ու հիանալ անցած տարիներու, 80, 70 տարիներ առաջ գաղթական հայորդիներու կերտած քաղաքին նիստ ու կացին, կենցաղին, կրթական-եկեղեցական, միութենական, կուսակցական եւ մարզական ու մշակութային կեանքին:
Շնորհակալութիւն ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին եւ իր քարոզչական յանձնախումբին` նման նախաձեռնութիւն մը իրագործելուն համար:
Յիշենք, որ ծրագիրներ կան 45 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէն մը պատրաստելու, յաւելեալ տեղեկութիւններով: Յաջողութի՛ւն:

