«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԸ` ԹԱՐՄԱՑՈՒԱԾ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՎ

«Ազդակ»-ի արաբերէն լեզուով գործող կայքէջը թարմացուած եւ հարստացած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւի որդեգրման, անոր արձագանգներուն վերաբերող լուրերով եւ յատկապէս այս մասին արաբական մամուլին մէջ տեղ գտած յօդուածներով:

Կայքէջին վրայ կը կարդանք սուրիական «Ուաթան» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը, որ կ՛անդրադառնայ «Մահամերձ Թուրքիոյ», որ մեծապէս ազդուեցաւ Ֆրանսայի մէջ տրուած որոշումէն: Սուրիական «Թշրին» օրաթերթէն արտատպուած է «Հայոց ցեղասպանութեան օրէնքը իր ուղին կը բանայ դէպի Էլիզէ»  յօդուածը, «Ժուհէյնա նիուզ» կայքէջէն այլ գրութիւն մը, որ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ անել կացութեան` Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով: Կը ներկայացուի «Ախպար» օրաթերթին մէջ տեղ գտած եւ այս բանաձեւի լոյսին տակ եղած թրքական անդրադարձները, «Պալատ» օրաթերթին հարցազրոյցը Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանին հետ:

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջին վրայ կը կարդանք Ֆրանսայի կողմէ առնուած քայլին իբրեւ հակազդեցութիւն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակը Ֆրանսայի նախագահին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի Լիբանանի մարմինին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնները, ասորի դեմոկրատ շարժումի գրասենեակին շնորհաւորագիրը, Ուաշինկթընի մէջ Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը  «Ժազիրա»ի կողմէ, ՀՅԴ Բիւրոյի  Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի տուած մամլոյ ասուլիսը:

Այս հիմնական նիւթին զուգահեռ տեղ գտած են նաեւ Սոչիի մէջ Ղարաբաղեան հակամարտութեան գծով գումարուած եռակողմանի ժողովին` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 5-րդ տարելիցին, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ գումարուած քրիստոնեայ-իսլամ համաժողովին մասին լուրեր, վերլուծական յօդուածներ եւ անդրադարձներ: Յատկանշական են յատկապէս արաբական մամուլին մէջ տեղ գտած յօդուածներուն մէջ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը խօսքի ազատութեան ոտնակոխում նկատելու երեւոյթին եւ այս ճամբով Թուրքիոյ ներքին ճակատին եղած անդրադարձին:

«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայկական կեանքին վերաբերող տարբեր լուրեր, տարբեր անձնաւորութիւններու հետ կատարուած հարցազրոյցներ եւ հայութեան մասին յօդուածներ:

Share this Article
CATEGORIES