ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ` ՀՅԴ «ԻՇԽԱՆ» ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ԵՒ ՆՆՋԵՑԵԱԼ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Երէկ` կիրակի, 29 յունուարին կէսօրէ առաջ, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան նահատակ եւ ննջեցեալ ընկերներու հոգւոյն համար: Ս. պատարագէն եւ հոգեհանգիստէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Ազիրեան» ակումբ, ուր ներկայ էր նաեւ Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետ Ցոլակ Թիւթէլեան: Ան իր յուշերէն քանի մը օրինակներ ներկայացուց: Խօսք առին նաեւ այլ ներկաներ, որոնցմէ ոմանք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն պատասխանատու դիրքերու վրայ էին, մինչ ուրիշներ ալ գետնի վրայ կը գործէին: Անոնք ալ իրենց կենդանի վկայութիւնը տուին նահատակուած ընկերներու դառն ճակատագիրին մասին` նշելով, որ անոնք իրենց կեանքը նուիրեցին սփիւռքի սրտին բաբախուն երակներէն Սիսի շրջանի հայապահպանման աշխատանքին: Շուրջ կէս ժամէ աւելի տեւած «յիշատակներու փոխանակման», յաջորդեց սուրճի հիւրասիրութիւն:
Ներկաները ակումբէն մեկնեցան «Իշխան» կոմիտէին կողմէ աւանդութիւն դարձած ձեռնարկը յաջորդ տարի եւս կազմակերպելու խոստումով ի մի համախմբելով շրջանի բոլոր նահատակներու հարազատները:

