ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ` ԲԱԼՈՒՑԻ ՀԻՆ ԹԷ ՆՈՐ ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, երէկ` կիրակի, 29 յունուար, 2012-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Բալուի հայրենակցական միութեան հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:

Հաւատացեալ ժողովուրդին եւ բալուցի հայրենակիցներուն ուղղած իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ Բալուն կը գտնուէր Մեծ Հայքի Խարբերդ նահանգի շրջանին մէջ, եւ այս արարողութեան ընդմէջէն մեր դիմաց կը պարզուին բալուցիներուն արժանիքները, մտայնութիւնը, ժառանգութիւնը, յատկութիւնները:

«Մեր նախնիները իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու հայկական նկարագիրին ընդմէջէն գիտէին զատել հացը, որ զիրենք կ՛ապրեցնէ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` «հացը չէ, որ մեզ կ՛ապրեցնէ, այլ` արժէքները», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ մեր նախնիները գիտէին, թէ ի՛նչ արժէքի հիման վրայ պիտի ապրին իրենց կեանքը: «Բալուցին ուսումնատենչ եւ հայրենասէր եղած է», եզրափակեց սրբազանը` կոչ ուղղելով, որ մեր կեանքը ապրինք եւ գործենք իմաստալից կերպով:

Share this Article
CATEGORIES