ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Շաբաթ, 28 յունուար 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Թուէյթին: Վեհափառին եւ ընդհանուր քարտուղարին խորհրդակցութեան հիմնական նիւթը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդն էր ու յատկապէս` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ներկայութիւնը եկեղեցիներու կեանքին մէջ աւելի աշխուժացնելու եւ ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրներուն դիմաց նոր ծրագիրներ մշակելու հրամայականը:
Վեհափառը լսելէ ետք ընդհանուր քարտուղարին տուած տեղեկութիւնները` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մասին, իր կարգին անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց եւ առաջարկներ ներկայացուց շարք մը հարցերու գծով:
Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 1991-էն մինչեւ 2006 երկու շրջանի համար ատենապետն էր Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց:
Խորհրդակցութենէն ետք ընդհանուր քարտուղարը ճաշի հիւրը եղաւ վեհափառին:

