ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի «ԷՀՐԱՄՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի շաբաթ, 28 յունուար 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Էհրամճեան» մշակութային կեդրոնի բացման հանդիսութիւնը:
Բացման աւանդական արարողութենէն ետք, հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արաբերէնով արտասանեց Այտա Ռըզք, որ նշեց, որ «Էհրամճեան» կեդրոնը կը միտի քաջալեր հանդիսանալ երիտասարդութեան եւ ծառայել կրթութեան ու դաստիարակութեան: Ռըզք յոյս յայտնեց, որ այս կեդրոնը ընկերութեան մէջ ունենայ իր դերը:
Ապա խօսք առաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, որ շեշտեց, թէ լիբանանահայ գաղութը հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն կը պահէ իր ոգեւորութիւնը եւ կը ծառայէ հայապահպանման աշխատանքին: Ան ըսաւ, որ կեդրոնին մէջ պիտի գործեն «Խօսնակ»-ը, «Վ. Փափազեան» թատերախումբը, ՀԲԸՄ-ի Ամանոսի մասնաճիւղը, երիտասարդական բաժինը եւ հանդիսութիւններու սրահը: Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային իշխանութիւններուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին` կառոյցը ՀԲԸՄ-ին վերադարձնելու աշխատանքը դիւրացնելու համար:
Իր կարգին, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրական յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրը իրականացնողներուն: Իսկ միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Վազգէն Եագուպեան, որ նշեց, թէ այս կեդրոնը իր արդիւնաւոր եւ աշխուժ գործունէութեամբ պէտք է դառնայ շրջանի համայն հայութեան կեդրոնը:
Բացման պաշտօնական հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ շեշտեց, թէ ՀԲԸՄ-ի ազգանուէր ծառայութեան շարունակութիւնն է ստեղծումը այս կեդրոնին, որուն ջահին մէջ միշտ վառ պէտք է մնայ ազգային ոգին եւ պատկանելիութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ արտօնելի չէ նիւթականի համար ոգին զոհել` աւելցնելով, թէ «Եռագոյն» ֆոնտի հիմնադիր բարերար Երջօ Սամուէլեանին ներդրումը մեծապէս գնահատելի է, որովհետեւ ան վերադարձուցած է բարերարի իսկական տիպարը: Նշենք, որ բարերար Երջօ Սամուէլեան հիմնական նուիրատուութիւն կատարած էր «Էհրամճեան» կեդրոնին` ամբողջ կեդրոնի կահաւորումը ստանձնելով: Շնորհակալութեան խօսք յայտնուեցաւ նաեւ Շահէ Խաչատուրեանին, որ աջակցած է կեդրոնի սարքաւորման աշխատանքներուն:
Հայոց բանակի տօնին առիթով, Գեղամ արք. Խաչերեան ըսաւ, որ մեր արմատները նետուած են հայրենիքի մէջ, որ մեր յենարանն է, եւ հայոց բանակը հայրենիքի պահպանման մէջ ունի իր մեծ դերը:



