ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՈՒԺԵՐ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐ ԱԶԱՏԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԱԾ ԵՆ ՍՈՄԱԼԻ

Սոմալցի զինեալներու խումբ մը

Միացեալ Նահանգներու մասնայատուկ ուժերու միջամտութեան շնորհիւ, անցեալ տարուան հոկտեմբերին սոմալցի զինեալներու կողմէ պատանդ վերցուած ամերիկուհի մը եւ դանիացի մը ազատ արձակուած են:

Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, որոնք ուզած են անանուն մնալ, գործողութիւնը տեղի ունեցած է մարտական ուղղաթիռներու օժանդակութեամբ: Փոխադարձ հրացանաձգութեան պատճառով, սոմալիական իշխանութիւններու տուեալներով` սպաննուած են քանի մը զինեալներ:

Պատանդները չեն վիրաւորուած: Անոնք երկուքն ալ «Տանիշ Տիմայնինկ Կրուփ» մարդասիրական կազմակերպութեան աշխատակիցներ են: Կազմակերպութիւնը կը զբաղի չպայթած ականներու եւ այլ զինամթերքի չէզոքացումով:

 

Share this Article
CATEGORIES