ՓՈՒԹԻՆ – ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ռուսական «Վզ.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Ռուսիոյ վարչապետի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ «երեքշաբթի ուշ երեկոյեան Փութինի եւ Թուրքիոյ վարչապետին միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան առնչուող այժմէական հարցեր»:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր: Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անցեալ երեքշաբթի օր Մոսկուա այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումին ընթացքին անոնք քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը:

Share this Article
CATEGORIES