ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՎԱՏԻԿԱՆ – ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի համայնապատկերը

Վատիկան եւ Իսրայէլ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ Երուսաղէմի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող կալուածներուն տնտեսական եւ տուրքերու վերաբերող հարցով ժողովին ընթացքին խորքային յառաջդիմութիւն արձանագրուած է:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ երկու կողմերէն կազմուած միացեալ յանձնախումբը  իր ժողովը գումարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: Վատիկանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Վատիկանի` պետութիւններու հետ յարաբերութեանց ընդհանուր քարտուղար Էթորէ Պալեսթրերօ եպիսկոպոսը, իսկ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն:

Բանակցութեանց մօտիկ աղբիւր մը կը յայտնէ, որ տուրքի եւ սեփականութեան խլման օրէնքներուն շուրջ տարակարծութիւնը կարելի եղած է լուծել` նշելով, որ «քաղաքապետական, կալուածային ու կաթողիկէ հաստատութեանց գործունէութեանց տուրքերուն, ինչպէս նաեւ հողերու սեփականութեան խլման հարցերուն շուրջ համաձայնութիւններ գոյացան»:

 

Share this Article
CATEGORIES