ՍՈՒՐԻՈՅ ՔԻՒՐՏԵՐԸ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ սուրիացի քիւրտերու շարք մը ներկայացուցիչներ շաբաթ օր պահանջած են Սուրիոյ մէջ վարչակազմի փոփոխութենէն ետք ինքնորոշման հանրաքուէ կայացնել, իսկ ուրիշներ մերժած են Իրաքի օրինակով ինքնավար մարզի մը ստեղծման գաղափարը:
Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ 25 օտար երկիրներէ 210 քիւրտ անձնաւորութիւններ Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի նախագահ Մասուտ Պարազանիի ներկայութեամբ խորհրդաժողով մը գումարած են:
Պարզանի նշեալ երկօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին Սուրիոյ քիւրտերուն իր զօրակցութիւնը յայտնած է, պայմանաւ որ անոնք միասնական մնան: Սակայն ան նշած է, որ «չենք ուզեր Սուրիոյ քիւրտերուն ներքին հարցերուն միջամտել, սակայն կ՛ուզենք ձեր որդեգրելիք որեւէ որոշումին շուրջ ձեզի օգնել ու զօրավիգ կանգնիլ»` աւելցնելով, որ «ձեզի զօրավիգ կանգնելու մեր պայմանը այս զգայուն ժանակաշրջանին ընթացքին ձեր շարքերը միացնելն ու ներկայ հանգրուանին ներքին տարակարծութիւններէն հեռու մնալն է»:
ԱՖՓ կը նշէ, որ քիւրտերը Սուրիոյ բնակչութեան 9 առ հարիւրը կը կազմեն եւ 12 արգիլեալ կուսակցութիւններ ունին, որոնք բոլորն ալ աշխարհիկ են: Անոնց մէջ ամէնէն շատ ազդեցութիւն ունեցողներն են Եքինի կուսակցութիւնը, Սուրիոյ քրտական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (Փարթի) եւ ՔԱԿ-ի մօտիկ եղող Ժողովրդավարական համադաշնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Եզիտի-քիւրտ կուսակցութիւնը:
Յիշեցնենք, որ սուրիական իշխանութիւնները վերջերս Իրաքի հետ սահմանին վրայ Փեշմերկայի անդամներ ձերբակալած էին:
Նշենք նաեւ, որ նախապէս «Ուաթան» օրաթերթը 19 յունուարին հաղորդած էր, որ Եքինի կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի անդամ Ֆուատ Ալիքօ յայտնած էր, որ Քրտական ազգային խորհուրդի անդամ կուսակցութիւնները սուրիական ընդդիմադիր երեք խմբակցութեանց իրենց անդամակցութիւնը սառեցուցած են Միացեալ Սուրիոյ ծիրին մէջ ինքնորոշման իրաւունքի հիմամբ Սուրիոյ մէջ քրտական հարցին ժողովրդավարական լուծում մը գտնելու եւ երկրին մէջ քիւրտերուն իբրեւ բնիկ ազգ գոյութեան սահմանադրական ճանաչումի շնորհման շուրջ համաձայնութեան բացակայութեան պատճառով:

