ԱՐԱՊԻ ՍԱՌԵՑՈՒՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԴԷՏԵՐՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ. ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՍԱՌԵՑՈՒՄԸ

Սերկէյ Լաւրով

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի շաբաթ օր որոշեց Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու աշխատանքը սառեցնել` սուրիական կառավարութիւնը ամբաստանելով «ապահովական ընտրանքին մէջ մագլցում» արձանագրելու յանցանքով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով դատապարտեց վերոնշեալ որոշումը եւ զարմանք յայտնելով նշեց, որ «կ՛ուզենք պատճառը գիտնալ, որ զիրենք կը մղէ օգտակար առաքելութեան մը հետ այսպէս վարուելու»` աւելցնելով, որ «եթէ անոնց տեղը ըլլայի, պիտի ուզէի դէտերուն թիւը աւելցնել»:

«Մենք ապշած ենք, որ դէտերու պատուիրակութեան առաքելութիւնը ամիս մը եւս երկարաձգելու որոշում տալէ ետք կարգ մը երկիրներ, մասնաւորաբար Պարսից ծոցի երկիրները պատուիրակութեան անդամ իրենց դէտերը տուն կանչած են», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «Ռուսիա կ՛ուզէ նախքան Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ շուրջ արաբական նոր նախաձեռնութիւնը քննարկելը արաբ դէտերու զեկուցումին ծանօթանալ»` ընդգծելով, որ «Սուրիոյ մէջ դէտերու պատուիրակութեան անպիտանութեան մասին Արեւմուտքի յայտարարութիւնները անպատասխանատու են»:

Լաւրով յայտնելէ ետք, թէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութեանց ի նպաստ զէնքի մաքսանենգումը կը շարունակուի, յայտնեց, որ Մոսկուա կոչ կ՛ուղղէ` Սուրիոյ մէջ գործող արաբ դէտերուն թիւը աւելցնելու:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին երէկ յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Չինաստան Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու արաբական նախաձեռնութեան զօրակցութեան համար պատրաստուող բանաձեւին նկատմամբ իրենց կեցուածքը փոխեն` նշելով, որ «Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ Սուրիոյ մէջ կացութեան շուրջ հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան»: Նշենք, որ Արապի վաղը Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ներկայացնէ Սուրիոյ հարցով արաբական վերջին նախաձեռնութիւնը:

Մինչ այդ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի յայտարարեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները շաբաթ օր Գահիրէի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու պատուիրակութեան կացութիւնը:

Դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ռուսիոյ կողմէ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արաբական-արեւմտեան բանաձեւին դէմ վեթոյի կիրարկման պարագային պիտի գործադրուի ծրագիր մը, որուն մանրամասնութիւնները սուրիական ընդդիմութեան հետ կը քննարկուին: Ըստ ծրագիրին, արտասահմանի մէջ պիտի կազմուի սուրիական կառավարութիւն մը, որուն մաս պիտի կազմեն ներկայ վարչակարգին ընդդիմացող բոլոր հատուածներուն ներկայացուցիչները: Աղբիւրները կը նշեն, որ այդ ծրագիրին գործնականացման համար անհրաժեշտ է նախարարական աթոռներու եւ վարչապետի պաշտօնի բաժանման շուրջ ընդդիմադիր խմբակներու տեսակէտներու մերձեցում կատարել:

Միւս կողմէ, Ռիֆ Տիմաշքի Սայիտնայայի Աստուածածնայ վանքի մայրապետը` քոյր Վերոնա լրագրողներուն յայտնեց, որ վանքին դիմաց գտնուող լերան վրայ գտնուող հրետանիէ մը արձակուած ռումբ մը հարուածած է վանքի հիւսիսային սենեակներէն մէկը` պատճառելով նիւթական վնասներ: Նշենք, որ անծանօթ զինեալներ վերջերս սպաննած էին Յոյն ուղղափառ քահանայ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES