ՊԵՔԱԱՅԻ ԵՒ ՄԱԺՏԱԼ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ 7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ
Արեւմտեան Պեքաայի եւ Մաժտալ Այնճարի մէջ ապահովութեան ուժերը երէկ շարունակեցին 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն փնտռտուքը:
Այս ծիրին մէջ բանակը եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ներխուժումներ գործեցին, սակայն չկրցան բացայայտել զբօսաշրջիկներուն գտնուած վայրը:
Ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին երեք կասկածելիներ, որոնց հարցաքննութեան ենթարկեցին` զանոնք պահելով արգելափակուած:
Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, ձերբակալեալ երեք կասկածելիները, որոնք անդամ են իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումի մը, գումակային օժանդակութիւններ տրամադրած են այն կողմերուն, որոնք առեւանգած են 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները:
Յայտնենք, որ ներխուժումներ կատարուեցան նաեւ Քարաոնի եւ Ժըպ Ժըննինի մէջ:
Անպաշտօն այլ աղբիւրներ յայտնեցին նաեւ, որ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները ողջ են:
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ կարգ մը լրատուամիջոցներ կը տարածեն այնպիսի լուրեր, որոնք կը վերաբերին 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգող յանցագործներու անուններուն:
Հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ այդ իմաստով հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է եւ անհրաժեշտ է ստուգել այդ լուրերը, ապա սփռել զանոնք:

