ՇԱՄԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ԵՒ ՍԱԼԵՀԻԻ ՀԵՏ
Հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամի, որ Նեւրուզի տօնին առիթով կը գտնուի Թեհրանի մէջ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց ծիրին մէջ Ահմատինեժատ շեշտեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ միասնականութեան պահպանման եւ պայքարի ոգին վառ պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Շամի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Ալի Աքպար Սալեհիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Շամի ընդգծեց լիբանանեան – իրանեան յարաբերութիւններուն ամրապնդման կարեւորութիւնը, յատկապէս փոխադրութեան եւ ուժանիւթի փոխադրութեան խողովակաշարերու մարզերուն մէջ:
Իր կարգին, Սալեհի շեշտեց, որ Պէյրութ եւ Թեհրան ունին հեզասահ բացառիկ յարաբերութիւններ` ողջունելով լիբանանցի ժողովուրդին մօտ դիմադրութեան ու պայքարի ոգին: