ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺՈՄՊԼԱԹԸ

Սէյիտ Նասրալլայի եւ Ժոմպլաթի հանդիպումին ընթացքին

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ հրաժարեալ կառավարութեան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Ուաֆիք Սաֆա:

Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած նորագոյն զարգացումները:

Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ զայն համոզած լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերադառնալու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES