ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԺԱԼ ԷԼ ՏԻՊԻ Մար Ապտա եկեղեցին անցեալ շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ գողութեան: Ըստ հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն, անծանօթ գողերը կոտրած են եկեղեցւոյ ապակիները եւ գողցած անոր գանձանակը, սակայն չեն կրցած հասնիլ խորանին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ համախմբումի նախարարները պիտի չհրաժարին կառավարութենէն` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ փետրուարի աւարտին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պիտի այցելէ Թուրքիա, ուր պիտի քննարկէ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Անգարայի դերակատարութիւնը` լիբանանեան ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան պահպանումին մէջ:

«ՊԷՅՐՈՒԹ ՄՈԼ»-Ի պահեստանոցին մէջ բռնկած է հրդեհ մը, որ պատճառած է նիւթական վնասներ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միշել Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս` Սուրիոյ զարգացումները: Միւս կողմէ, Պքերքէի մէջ մատուցուած կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական իշխանութիւններուն համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ երկրին տնտեսական վիճակին բարելաւումը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Մոսկուայէն վերադարձաւ Լիբանան:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի Սէուտական Արաբիայէն վերադարձաւ Լիբանան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Փաուլօ տի Փաուլան եւ արտաքին հարցերու պետական նախարար Սթեֆան տը Միսթուրան: Մէկուկէս ժամուան ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է ստանձնէ Լիբանանի սահմանները պաշտպանելու իր պատասխանատուութիւնը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող  քաղաքական լարուածութիւնը երբեք չի նպաստեր զբօսաշրջութեան իրավիճակի բարելաւման:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ  «այս հանգրուանին իբրեւ քրիստոնեաներ մեր դիմագրաւած ընկճուածութիւնը անտեղի է եւ մենք շուտով պէտք է այդ վիճակէն դուրս գանք»:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն զօր. Ուիսամ Հասանը թիրախ դարձնելու ծրագիրը ուղղակիօրէն կապուած է սուրիական իրադարձութիւններուն եւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մեկնեցաւ Պրիւքսել, ուրկէ պիտի անցնի նաեւ Լոնտոն: Զոյգ երկիրներուն մէջ Քանաան հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, սուրիական իշխանութիւնները հաստատած  են, որ լիբանանցի ձկնորսներուն նաւակը կը գտնուէր սուրիական ջուրերուն մէջ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն լիբանանեան իշխանութիւններուն ներկայացուցած է ելք մը, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ երկարաձգել Լիբանանի եւ Միջազգային դատական ատեանին միջեւ գործակցութեան համաձայնագիրին ժամկէտը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ արգելքներ պէտք է զետեղել Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնին համար արդարութեան նախարարին առաջարկած թեկնածուներու անուններուն դէմ: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահը պատասխանատու է կարգ մը նշանակումներ արգելակելու քայլին:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին միջոցով ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի անմիջապէս ընդունուի իրանեան փորձառութիւնը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար հաստատած է, որ այդ ատեանը չէզոք է` աւելցնելով, որ ինք տակաւին չի գիտեր, թէ ո՛վ զինք պիտի փոխարինէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ». «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նպատակն է շարունակել լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը փրկել անդունդն ի վար գլորելէ»:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ երեսփոխանները շաբաթավերջին խորհրդարանին մէջ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք վերահաստատեցին Պէյրութը ապազինելու անհրաժեշտութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան վերջ տայ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւններուն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան` պահպանելու երկրին պատմութիւնը, ազգային հաստատութիւններն ու Մայրիներու յեղափոխութեան սկզբունքները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ, անդրադառնալով ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասանը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու ծրագիրին, յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին այդ ծրագիրը զուտ լիբանանեան է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի պատրաստակամութիւն յայտնած է օրէնքի սահմաններուն մէջ տեղեկութիւններ յանձնելու ապահովութեան ուժերուն, որպէսզի այդ տեղեկութիւնները օգտագործուին` ձախողեցնելու համար ահաբեկչական ծրագիրներ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են եւ հիմնուած են փոխադարձ խորհրդակցութեանց ու փոխըմբռնումի հիման վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES