ՊԵԼՄԱՐ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՓԱՐԻԶ
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար աւարտեց Լիբանան կատարած իր հրաժեշտի այցելութիւնը եւ մեկնեցաւ Փարիզ:
Նշենք, որ շաբաթավերջին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմարի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Շարպել շեշտեց, որ Լիբանան պատրաստ է ընդառաջելու Միջազգային դատական ատեանի հրահանգներուն: Նշենք, որ հանդիպումը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
CATEGORIES Լիբանանեան

