ԱՊԱՏԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՍՏՈՒԳԵԼՈՒ ԻՐԱՆՑԻ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐԸ

Իրանեան «Փրես Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած իրանցի ճարտարապետները փոխադրուած են հիւսիսային Լիբանան:

Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեց ստուգել իրանցի 5 պատանդները Լիբանան տեղափոխելուն վերաբերող լուրերը: Ան լիբանանեան իշխանութիւններէն խնդրեց, որ այդ պատանդները շուտով ազատ արձակուին, եթէ կարելի ըլլայ փաստել, որ անոնք Լիբանան փոխադրուած են:

Ապատի շեշտեց, որ իրանցի հինգ ճարտարապետները, որոնք առեւանգուած էին Սուրիոյ մէջ, մաս կը կազմեն 60 ճարտարապետ հաշուող իրանեան այն պատուիրակութեան, որ ուղղուած էր Սուրիա` Հոմսի մօտակայ շրջանի մը մէջ ելեկտրական կայան մը կառուցելու նպատակով:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ մինչեւ օրս տակաւին տեղեկութիւններ չկան, որ սուրիական ընդդիմութեան կողմէ առեւանգուած իրանցի ճարտարապետները փոխադրուած են հիւսիսային Լիբանան:

Միւս կողմէ, քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն աղբիւրներէն, մտահոգութիւն յայտնեց, որ իրանեան կողմին նպատակն է հիւսիսային Լիբանանի մէջ մագլցողական քայլերու ձեռնարկել:

 

Share this Article
CATEGORIES