ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՍՈՒՐ ՍՏԱՑԱՒ ՆԱՄԱԿ ՄԸ` ԻՐԱՆՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԷՆ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ապատի Մանսուրի յանձնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիէն նամակ մը:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ ինք Մանսուրի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի ելեկտրականութեան տագնապը եւ զայն լուծելու նպատակով Իրանի ներկայացուցած առաջարկները:
Ան նշեց, որ մեծ հաւանականութիւն եւ առիթ կայ, որ Իրանէն եւ Սուրիայէն Լիբանանին ելեկտրականութիւն մատուցուի, ինչպէս նաեւ կարելիութիւններ ստեղծուին ելեկտրական նոր կայաններ հիմնելու:
Ապատի ընդգծեց, որ ելեկտրական հոսանքի Լիբանանի կարիքը գոհացնելու լուծումը պարզ է, դիւրին եւ արագ:
Այս ծիրին մէջ, Մանսուր «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ Լիբանանի ելեկտրական հոսանքի կարիքին 35 առ հարիւրը ապահովելու իմաստով Թեհրանի ներկայացուցած առաջարկը դրական է` աւելցնելով, որ անիկա Լիբանանին տրամադրուելիք նուէր մը չէ:


