ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ասարթա Սիերայի կը յանձնէ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դրօշը

Շաբաթ առաւօտեան ՖԻՆԻՒԼ-ի Նաքուրայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն մը, որուն ընթացքին միջազգային խաղաղապահ ուժերու նոր նշանակուած ընդհանուր հրամանատար` իտալացի զօր. Փաուլօ Սիերա իր պաշտօնը ստանձնեց նախկին ընդհանուր հրամանատար սպանացի զօր. Ալպերթօ Ասարթայէն:

Յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճիան Փաուլօ տի Փաուլա, Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սթեֆան տը Միսթուրա, Սպանիոյ սպայակոյտի պետ ծովակալ Ֆեռնանտէ Կարսիա Սանչեզ, ինչպէս նաեւ իտալացի, ֆրանսացի ու գերմանացի բարձրաստիճան զինուորականներ եւ ՄԱԿ-ը ներկայացնող դեսպաններ ու պատասխանատուներ:

Կը ստորագրեն յանձնումի եւ ստանձնումի փաստաթուղթերը

Զօր. Ասարթա իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի իր հիմնական աշխատանքին մէջ որոշ յաջողութիւններ արձանագրած է` հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իմաստով:

Ան նշեց, որ 2006-էն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակին տեղակայումը նաեւ առիթ ընծայած է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնն ու երկկողմանի վստահութիւնը ամրապնդուին:

Զօր. Ասարթա շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն տեղակայումը առ յաւէտ կարելի չէ երաշխաւորել` աւելցնելով, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը ի վերջոյ պէտք է յանգին որոշ լուծումի մը եւ մնայուն զինադուլ ապահովեն:

Անդրադառնալով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիրախ դարձնող ահաբեկչական գործողութիւններուն` զօր. Ասարթա նշեց, որ այդ արարքները կը փաստեն, թէ կան զինեալ խմբաւորումներ, որոնք զիրենք թիրախ կ՛ուզեն դարձնել, եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն` յանձնառու մնալու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտպանութեան:

Զօր. Ասարթա նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակին ցամաքային եւ ծովային կարողութիւնները տակաւին բարելաւման կարիք ունին, որպէսզի ան կարենայ ստանձնել նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը:

Իր կարգին, զօր. Սիերա յայտնեց, որ ՖԻՒՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքէն ոչինչ պիտի փոխուի անոր հրամանատարին փոփոխութեամբ` աւելցնելով, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը պիտի շարունակեն Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակեն հսկել սահմանային Կապոյտ գիծին եւ գործակցիլ լիբանանեան բանակին հետ:

Զօր. Սիերա յայտնեց, որ զօր. Ասարթայի քայլերով առաջնորդուիլը դիւրին աշխատանք մը պիտի չըլլայ, սակայն ինք նախանձախնդիր պիտի ըլլայ պահպանելու սահմանամերձ շրջանին խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES